Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան գլխաւորեց խորհրդակցութիւն մը, որ յատկացուած է պարէնային ապրանքներու շուկային մէջ տիրող իրավիճակի քննարկման:
Պետական իրաւասու մարմիններու ղեկավարներուն եւ հանրապետութեան ցորեն ու ալիւր արտադրող ձեռնարկատէրերուն մասնակցութեամբ կայացած խորհրդակցութեան հիմնական նպատակն էր կանխարգիլել սպառողական զամբիւղի հիմնական սնունդի՝ հացի գնաճը:
Պարէնային մթերքներու շուկային մէջ տիրող իրավիճակի մասին համառօտ տեղեկատուութեամբ հանդէս եկաւ ԼՂՀ հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող պետական յանձնաժողովի նախագահ Հ. Ղահրամանեանը:
Ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է, որ պարէնային մթերքներուն գիներու բարձրացման պարագան առնչուած է միջազգային շուկային մէջ ցորենի սակի բարձրացման։
Գիւղատնտեսութեան նախարար Անդրանիկ Խաչատրեան ներկայացուց հանրապետութեան մէջ ցորենի արտադրութեան եւ արտածման ցուցանիշները. արտադրուած է աւելի քան 102 հազար թոն հացահատիկ, Հայաստանին արտածուած է աւելի քան 18 հազար թոն:
Ընկերային կացութեան բարդացումէ խուսափելու համար կառավարութիւնը ստիպուած սահմանափակումներ կը կատարէ՝ արգելելով ցորենի արտածումը եւ ճշդելով ցորենի նուազագոյն գինը: Վարչապետին համաձայն, պէտք է ընտրել այնպիսի տարբերակ, որ ընդունելի ըլլայ թէ՛ ցորեն արտադրողներուն, թէ՛ փռապաններուն, եւ թէ սպառողներուն համար:
Քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ հանրապետութեան մէջ 1 քիլոկրամ ցորենի նուազագոյն գինը սահմանել 150 դրամ, իսկ 1 պարկ բարձրակարգ ալիւրին գինը՝ 11 հազար 700 դրամ. այս ձեւով յառաջիկայ ամիսներուն պիտի պահուի հացի այժմու սակը՝ 110 դրամ:
Յանձնարարուեցաւ բոլոր ալիւր աղացողներուն եւ «Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ»ին՝ ցորենը մթերել սահմանուած գնով: Շրջանային վարչակազմերու ղեկավարները պարտաւորութիւն ստանձնեցին մէկ շաբաթուան ընթացքին ճշդել շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող, որպէսզի ճիշդ ծրագրաւորում կարելի ըլլայ կատարել։
Խորհրադկացութեան մասնակից Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան նշած է, որ այդ սահմանափակումները կը կատարուին՝ մեկնելով կառավարութեան վարած քաղաքականութենէն, աւելցնելով, որ անոնք ժամանակաւոր են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.