ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉեԱՆ

Աւելի քան երկու տասնամեակ կ՛ըլլայ արդէն, որ աշխարհը կորսնցուցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք իրականացած հաւասարակշռութիւնը եւ կը փնտռէ նորը. ցարդ չէ յաջողած զայն գտնել, որուն պատճառով առօրեայ դրութեամբ կը վտանգուի երկրագունդի զգայուն կէտերու շրջանային խաղաղութիւնը, իսկ յաճախ՝ միջազգային խաղաղութիւնը:
Խորհրդային Միութեան ինքնահաշուեյարդարով թեւ առաւ տնտեսական գերազատականութիւնը, որ աշխարհի երեսին շնչող իւրաքանչիւր էակին խոստացաւ տնտեսական բարգաւաճում ու բարօրութիւն՝ հաւատալով բոլորովին ազատ շուկայի հրաշագործ յատկութիւններուն: Այսօր, երկու տասնամեակներու փորձառութենէ ետք, փորձի ձախողութիւնը ակնբախ է: Ոչ միայն ատենին «զարգացող» (հիմա՝ յետամնաց) երկիրները աւելի աղքատ են, քան՝ ժամանակին, այլ՝ ատենին արդէն զարգացած պետութիւններ հասած են սնանկութեան սեմին: Ունեւորի եւ աղքատի միջեւ վիհը լայնցած ու խորացած է, ինչ որ դուռը լայն բացած է ծայրայեղական ազգայնամոլ, կրօնամոլ ու ցեղապաշտ շարժումներուն առջեւ. վերջին ժամանակաշրջանին անոնք ամէնուրեք հսկայական յառաջխաղացք արձանագրած են: Դեռ մօտաւոր անցեալին մարդկութիւնը ճաշակած է ծայրայեղական գաղափարաբանութիւններու արձակած թոյնն ու անոր հետեւանքները: Իսկ ներկայիս՝ Հանիպալը դրան առջեւ է. արեան հոտը սկսած է տարածուելու:
Հայութիւնը ի վիճակի՞ է դիմագրաւելու պատրաստութեան վերջին փուլին հասած ուժեղ ցնցումը: Արդարեւ, ո՞ւր կը գտնուի այսօր հայութիւնը միջազգային այս խառնիճաղանճին մէջ: Դեռ կը գործէ՞ արդեօք ինքնապահպանման հաւաքական բնազդը, որ զինք նոյնիսկ անգիտակցաբար կրնայ պաշտպանել հորիզոնին վրայ արդէն երեւցող փոթորիկէն եւ հուրէն: Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ հակառակ վերջին երկու դարերու ընթացքին ձեռք բերուած քաղաքական փորձառութեան, կը յամենանք տակաւին նստիլ սկսնակներու յատուկ նստարաններուն վրայ:
Կասկածէ վեր է անշուշտ, որ հայութիւնը իր վերջին երկու դարերու պատմութեան ընթացքին այնքան ուժեղ չէ եղած, որքան՝ այսօր: Շատ մանրամասնելու պէտք չկայ ատիկա տեսնելու համար. կայ անկախ պետութիւն՝ իր բանակով մէկտեղ. ցնցոտիներու եւ խլեակներու գաղթականութիւնը շատոնց անցած է պատմութեան. նիւթական, մտաւոր ու մշակութային կարողականութիւնը անհամեմատ բարձրացած է:
Միաժամանակ սակայն անհամեմատ բարձրացած է նաեւ հայութեան մեռելաթաղերու՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կարողականութիւնը շատ աւելի՝ քան հայութեան կարողականութիւնը: Ատրպէյճանը իր աստուածատուր տնտեսական ունակութեամբ սկսած է կարեւոր դեր խաղալ կովկասեան շրջանային քաղաքականութեան մէջ. գիտենք, որ ուժեղ տնտեսութեան տէր եղողը կրնայ ուշ կամ կանուխ օժտուիլ նաեւ հասարակական զարգացման այլ ստորոգելիներով: Թուրքիայ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան միջազգային քաղաքական ընտանիքին կողմէ արհամարհուած Արեւելքի «հիւանդ մարդ»ը չէ, այլ՝ Միջին Արեւելքի ամէնէն կայացած պետութիւնը եւ նախապէս զինք արհամարհող քաղաքական ուժեղ Արեւմուտքի ուժեղ ու յարգուած դաշնակիցը:
Միւս կողմէն, ներկայի միջազգային չափազանց անբարենպաստ պայմաններուն մէջ հայութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ կացութիւններ: Իրմէ անկախ ու ծանօթ պատճառներով Միջին Արեւելքի հայկական բոլոր գաղութները կը մաշին, կը հալին, կը փոքրանան. անոնք սփիւռքահայութեան հայկականութեան պահպանման ողնասիւնը հանդիսացած են, երբ հայրենիքը այլ ոչխարներ կերակրելով զբաղած էր: Իսկ հայոց պետականութիւնը իր իշխանութեամբ եւ ժողովուրդով կ՛ապրի լուռ տագնապ մը, որ յատուկ է հիասթափուած, այդ հիասթափութեան պատճառներուն համակերպած, այդ համակերպման պատճառով ամլացած ու դանդաղ քայլերով դէպի ինքնալուծարում առաջնորդուող հասարակութիւններու. տօնակատարութիւն ու շքանշաններ՝ ֆանֆարներով ու կաթողիկոսներով, ինչպէս մօտաւորապէս պիտի ըսէր Կոստան Զարեան՝ փայլուն կեղեւով, ներսը՝ իր սնուցած որդերէն պարպուող սալոր. անշուշտ գոյ է տակաւին առողջ կորիզը, որ միակ յոյսն է շրջադարձի:
Այդ կորիզը նախ ինք գիտակից պէտք է դառնայ առկայ անմիջական վտանգներուն, որոնք կը սպառնան ո՛չ միայն պետութեան, այլեւ՝ ազգի ֆիզիքական գոյութեան: Վտանգի գիտակցութիւնը իրեն հետ կը բերէ լուծումներու ծրագիր, առաջնահերթութիւններու դասակարգում, անիմաստ կամ երկրորդական հարցերու հետապնդման գէթ առժամեայ վերջակէտ, անտեղի ու անվերջանալի վէճերու աւարտ: Այդ գիտակցութիւնը ինքնաբերաբար կը փոխանցուի հայկական ընդհանուր հասարակութեան՝ կազմելու համար համահայկական բռունցք, որուն անհրաժեշտութիւնը կրկին կը զգացուի մեր օրերուն:
Կացութիւնը լուրջ է եւ լրջութիւն կը պահանջէ. կը մնայ լրջանալ: