Սիրելի Նազօ,

Ընդհանրապէս վերլուծումներդ մտային հաճոյքի զուլալ աղբիւրներ են ինծի համար: Նոյն հաճոյքը զգացի նաեւ «Սաֆարով Գործարքին Համահայկական Դիմագրաւումը» (13 Սեպ. 1912, «Ասպարէզ») յօդուածդ կարդալով. յօդուածդ կը ձգտի ապացուցելու, որ ՆԱԹՕն եւ մեծապետական ուժերը, իրենց անընդունելի եւ հակամարդկային արարքները իրականացնելու ենթահող կը պատրաստեն, եւ ըստ այնմ՝ կը ներկայանան կամ կը ներկայացնեն աշխարհին. օրինակ, Սաֆարովի արարքը առաջին օրէն չքննուեցաւ ցեղասպանութեան խորքով, այլ՝ իբր պարզ ոճրագործութիւն:
Ի վերջոյ կ՛եզրակացնես. «Համահայկական պահանջատիրութեան իրաւական հովանի շնորհելով՝ Հայաստանը պետականօրէն միայն իր դիրքերը կը հզօրացնէ միջազգային բեմահարթակին վրայ, յատկապէս հակահայ մոլուցքով կլանուած իր հարեւանները կարգի բերելու համար»:
Մեր նախագահը, որ իր ձեռքին մէջ կեդրոնացուցած է պետական բոլոր կարողութիւնները, եթէ չուզէ իր հարեւանները «կարգի բերել» եւ մերժէ իրաւական այդ հովանին, ինչպէս ըրաւ եւ կը շարունակէ ընել Հայեւթուրք արձանագրութեանց պարագային, այն ատե՞ն…:
Կը խորհիմ, թէ ժամանակը եկած է, որ այլեւս զուր յոյսեր չկապենք այդ մարդոց վրայ:
Դիպուկ օրինակ է «Հարսնաքար»ի դէպքը վերյիշեցնող Պետրոս Ալահայտոյեանի նամակը՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան (15 Սեպ.1912):
Ասոնք, սիրելի՛ Նազօ, ինչպէս հալէպցիները կ՛ըսեն՝ «Խօսքի վարպետ, գործի անպէտ»ներ են: Ժամանակը եկած չե՞ս նկատեր, որ մենք քիչ մը «խենթութիւն» խառնենք մեր գործին մէջ:
Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ