ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 27 Սեպտեմբերին Քենսըս նահանգի Ազգային պահակագունդի պատասխանատու զօր. Լի Տաֆանելի եւ պաշտպանութան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան հետեւեցան Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական հայկական կեդրոնի 22 զինուորներու եւ քաղաքացիական մասնագէտներու մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու նիւթական յատկացումով տեղի ունեցող ականազերծման ուսուցողական ծրագիրին:
Միացեալ Նահանգներու Ռազմական համագործակցութեան գրասենեակի եւ Եւրոպական հրամանատարութեան նիւթական աջակցութեամբ կայացած այս աշխատանքով Էջմիածնի մէջ գտնուող Հայաստանի Ականազերծման կեդրոն կ՛ապահովուի ուսուցողական ծրագիրով եւ սարքաւորումներով:
Ականազերծման ուսուցողական ծրագիրը սկսաւ 17 Սեպտեմբերին եւ կ՛աւարտի 28 Սեպտեմբերին. անոր նպատակն է ականներու վայրերու ճշդումը եւ զանոնք չէզոքացնելու աշխատանքներուն մէջ նոր հմտութիւններ փոխանցել հայ զինուորներուն ու մասնագէտներուն։ Ատոր կողքին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայաստանի նորաստեղծ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնին տրամադրած է 20 ականորսիչներ եւ ականազերծման գործիքներ: Ուսուցողական ծրագիրը կը ղեկավարեն Քենսըս նահանգի Ազգային պահակագունդի ներկայացուցիչները եւ Միացեալ Նահանգներու Մարդասիրական ականազերծման եւ ուսուցողական կեդրոնի ներկայացուցիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.