ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու նպատակով կազմակերպուած «Լախտի հարուած» ծրագիրին կապակցութեամբ, անցնող շաբաթավերջին բանտարկութեան վճիռներ արձակուեցան նախկին բարձրաստիճան հրամանատարներու դէմ՝ երկու հակոտնեայ կարծիքներու միջեւ բախում ստեղծելով:
Ոմանք պատիժը շատ ծանր կամ անարդար կը գտնեն՝ քաղաքական շարժառիթներ տեսնելով անոր ետին: Ասոնք դատապարտեալներու մերձաւոներն ու բարեկամները կամ Թուրքիոյ բանակին հեղինակութիւնն ու վարկը փրկել ուզողները, ինչպէս նաեւ առիթէն օգտուիլ ուզող ընդդիմադիր կուսակցութիւններն են։ Անոնց դիմաց կայ շատ լայն շրջանակ մը, որ գոհ է «Լախտի հարուած»ը ծրագրողներուն տրուած այս պատիժէն եւ կը հաւատայ, որ այս պատիժը հիմա օրինակ պիտի հանդիսանայ նաեւ «Էրկենեքոն»ի դատավարութեան համար։ Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ, բանակին ու զինուորականներուն դէմ այսպիսի քայլ մը ցարդ չէր առնուած. ո՛չ մէկը այդպիսի համարձակութիւն ունեցած էր։ Բանակը կառավարութեան ետին անտեսանելի, բայց կառավարութեան ամբողջ գործունէութիւնը հակակշռող ուժ մը եղած էր։ Այս դիցաբանութիւնն է, որ փշրուեցաւ «Լախտի հարուած»ով եւ «Էրկենեքոն»ով:
Մինչ կառավարութեան ընդդիմադիրները կը բողոքեն, որ մէջտեղը անարդարութիւն կայ, այլ շրջանակներ կը խուսափին վճիռը դատապարտելէ, սակայն վերապահութիւն կը յայտնեն՝ չուզելով յստակ դիրք մը գրաւել պատժուած զինուորականներուն դէմ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.