
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկաբնակ նշանաւոր երաժիշտ եւ խմբավար Հենրիկ Անասեանի 75ամեակին նուիրուած «Ափ մը հող» խորագիրով ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Սեպտեմբերին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ: 20 Սեպտեմբերին այս մասին յայտնած է երաժիշտը, որ նշած է, թէ Հայաստանը իրեն համար նոր թռիչքի եւ նոր արարումներու հիմնական աղբիւր է: «Ես Հայաստանի հողէն եւ ժողովուրդէն ստեղծագործելու ուժ կը հաւաքեմ: Հայաստան գալով կ՛ուզեմ նոր ըսելիքներով հանդէս գալ եւ փոքր ներդրում ունենալ մեր մշակոյթի զարգացման մէջ», նշած է Անասեան: Ան Հայաաստան կու գայ վերանորոգուելու համար, որովհետեւ Հայաստան իրեն համար աղօթք է։ «Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու բնօրրանն է, իսկ Սփիւռքը՝ պարզապէս բնակութեան վայր», նշած է ստեղծագործողը։ Ան ուրախ է, որ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւններուն պիտի մասնակցի։
«Անասեանը շնորհալի եւ համեստ մարդ է, ով ոչ միայն բազմաթիւ ստեղծագործութիւնների եւ գործիքային երգերի հեղինակ է, այլեւ դիրիժոր, ինչպէս նաեւ գրող, հրապարակախօս», աւագ գործընկերոջ ներկայացնելով նշած է երգահան Արա Գէորգեան: Ան մեծարման արժանի նկատած է այն ստեղագործող անհատները, որոնք կրցած են Հայաստանէն դուրս պահպանել եւ տարածել հայկական մշակոյթը. իբրեւ օրինակ Գէորգեան վկայակոչած է Անասեանի հիմնադրած «Սիփան» երգչախումբը:
Անդրադառնալով հայաստանեան մշակութային կեանքին՝ Անասեան նկատել տուաւ, որ հակառակ արձանագրուած լուրջ ձեռքբերումներուն, տակաւին կան նաեւ որոշ բացթողումներ: «Իմ մտահոգութիւնս այն է, որ յետխորհրդային ժամանակահատուածին երկնակամարին տակ փայլող «աստղեր»ը շատ են», ըսած է ան: Խորհրդային ժամանակաշրջանին հետ բաղդատութիւններ կատարելով՝ երաժիշտը ընդգծած է, որ այն տարիներուն գործող գեղարուեստական խորհուրդի առկայութիւնը կը կանխէր «ում պատահի եթերում յայտնուելը»:
«Ափ մը հող» համերգային ծրագիրը կ՛իրականացուի մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններու աջակցութեամբ: Համերգին պիտի մասնակցտն Հայաստանի պետական սինֆոնիք նուագախումբը, «Սիփան» երգչախումբին մէկ մասը, ինչպէս նաեւ երգիչներ Արսէն Գրիգորեանը, Մկրտիչ Մկրտչեանը եւ օփերային թատրոնի մեներգչուհի Աննա Մկրտչեանը: Հենրիկ Անասեանի «Տուտուկի կոնցերտ»ի մենակատարն է Գէորգ Դաբաղեան:
Երեւան ծնած երաժիշտը արդէն 35 տարիէ ի վեր կը բնակի Միացեալ Նահանգներ: Ան շուրջ 55 տարիէ ի վեր ստեղծագործական գործունէութիւն կը տանի։ Հենրիկ Անասեանի հեղինակած «Այս ես եմ..» գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է 19 Սեպտեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ։