
ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագիրին նպատակն է արժանաւոր պատանիներ ներգրաւել եւ անոնց մէջ զարգացնել մարդկային առաքինութիւնները, զօրացնել ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ ամրապնդել հայ ըլլալու հպարտութիւնը։
«Ազգանուիրում» մրցանակը հաստատուեցաւ 2012ին, գնահատելու եւ քաջալերելու համար օրինակելի եւ խոստմնալից պատանիներ, որոնք իրենց ուսումնական փայլուն յաջողութիւններուն առընթեր կը մասնակցին արտադպրոցական բազմապիսի գործունէութիւններու, եւ ընկերային ու ազգային ծառայութեան մարզերէն ներս կը ստանձնեն լուրջ պատասխանատուութիւններ, զորս կը կատարեն ապագայ ղեկավարի գիտակցութեամբ եւ լրջութեամբ։
Արի Գազանճեան եւ Արմանտ Երճանեան արժանացան «Ազգանուիրում» նորահաստատ մրցանակին, Յունիս 3ին: Երկուքն ալ վերջին երեք տարիներուն, հետեւողականօրէն եւ լրջութեամբ մաս կազմած են «Ազգանուիրում» ծրագիրի բոլոր գործունէութիւններուն, իրենց կարեւոր ներդրումը բերելով ծրագիրի յաջողութեան։ Արին եւ Արմանտը պիտի շարունակեն մաս կազմել «Ազգանուիրում» ծրագիրին, որպէս երէց առաջնորդներ։
Արին այս տարի աւարտեց ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը՝ բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ, եւ որպէս աւարտական դասարանի առաջինը՝ արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու։ Ան իր ուսումը պիտի շարունակէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն ներս՝ մասնագիտանալով ուղեղի վերաբերեալ հետազօտութիւններու մէջ։
Արմանտը ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ է եւ նախագահը՝ աշակերտական խորհուրդին։ Ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիսասարկաւագ է եւ ատենապետն է ACYO-ին։ Արմանտը փոքր տարիքէն անդամակցած է Փասատինայի ՀԲԸՄի, ՀԵԸի եւ «Boy Scouts of America» սկաուտական շարժումին՝ գրաւելով պատասխանատու դիրքեր։ Ան արժանացած է սկաուտական բարձրագոյն պատիւին՝ «Իկըլ»ին:
Յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթենք Արիին եւ Արմանտին, այն վստահութեամբ, որ անոնք՝ որպէս տիպար, գիտակից եւ գործունեայ երիտասարդներ, պիտի շարունակեն սատարել ազգապահպանման եւ ազգակերտումի նուիրական աշխատանքներուն՝ դառնալով ապագայ ղեկավարներ մեր գաղութէն ներս։
(Թղթակցութիւնը՝ «Ազգանուիրում»էն)