ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Պաղտատի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկի հետ իր հանդիպման ընթացքին հերքեց Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին տարաձայնուած այն լուրերը, թէ Իրաքի վրայով զէնքեր կամ զինեալներ դէպի Սուրիա մուտք կը գործեն:
Իր կարգին, Հէյկ, անհրաժեշտ եղած արդիւնքին հասնելու համար՝ Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնն ու ներկայ կառավարութիւնը ներառող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը շեշտեց: Ան աւելցուց, թէ Բրիտանիա Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան չի զօրակցիր, հակառակ անոր, որ այդ մէկը երբե՛ք չի բացառեր: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք չէ իշխանութեան վրայ մնայ:
Միւս կողմէ՝ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման՝ յիշեցնելով, որ սուրիացի գաղթականներու հոսքին պատճառով, իր երկիրը կը գտնուի ծանր բեռի մը տակ:
Նաեւ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին սուրիական ընդդիմութենէն պատուիրակութիւն մը պիտի հիւրընկալէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.