ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Զօր. Մովսէս Սիլիկեանի ծննդեան 150րդ տարեդարձի առթիւ 14 Սեպտեմբերին «Սարդարապատ» յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած է «Մովսէս Սիլիկեան զօրավարը» խորագիրով գիտաժողով։
Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, յոբելեանական յանձնաժողովի նախագահ Սէյրան Օհանեանը: Պաշտպանութեան նախարարը՝ ներկայացնելով Մովսէս Սիլիկեանի անցած ուղին, ընդգծած է, որ ան արժէքաւոր անուն է ո՛չ միայն որպէս Սարդարապատի դարձակէտային ճակատամարտի հրամանատար, այլեւ որպէս, յիրաւի, օրինակելի հրամանատարի կերպար: Նախարարին համաձայն, Մովսէս Սիլիկեան կը պատկանի այն տոհմիկ զինուորականներու շառաւիղին, որ երբեք չանջատուեցաւ հայ իրականութենէն, պահպանեց իր հայեցի կերպարը, տեսաւ իր ժողովուրդին տառապանքներն ու միշտ հաղորդակից եղաւ անոր ձգտումներուն: Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմական տեսանկիւնէ չափազանց բարդ իրավիճակի մէջ այդ զօրավարը տուաւ ճիշդ, համակողմանիօրէն կշռադատուած եւ առանց չափազանցութեան, տաղանդաւոր որոշում մը՝ ոտքի հանել զօրքը եւ բոլոր անոնք, որոնք ունակ էին զէնք կրելու՝ հայոց բազմադարեան պետականութիւնը պաշտպանելու թուրքերու բարբարոս ներխուժումէն:
Ելոյթներով եւ դասախօսութիւններով հանդէս եկան կարգ մը պատմաբաններ, որոնք աւելի մանրամասն կերպով անդրադարձան զօրավարին տոհմի պատմութեան, ինչպէս նաեւ ռազմական գործիչի կեանքի հերոսական դրուագներուն:
Այս առիթին նուիրուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Պիտի կազմակերպուին ուսանողներու եւ աշակերտներու բազմաթիւ այցելութիւններ դէպի «Սարդարապատ» յուշահամալիր, ծաւալուն յօդուածներ պիտի հրապարակուին պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատրաստած «Սարդարապատի հերոսը. գեներալ Մովսէս Սիլիկեան» գրքոյկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.