ԹԱՒՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Թաւրիզի Ասորի Բողոքական համայնքի Ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչներ Քարմեն Սեփարղան եւ Ռաշել Սեփարղան, պաշտօնական այցելութեամբ գտնուեցան Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի հետ:
Այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորել թեմէն ներս կատարուած առաջնորդական ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթել նորընտիր առաջնորդին՝ իր եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր աշխատանքներուն մէջ:
Ծանօթացման առիթ հանդիսացող սոյն հանդիպման ընթացքին առաջնորդը տեղեկացաւ Թաւրիզի Ասորի բողոքական փոքրաթիւ համայնքի գործունէութեան եւ ծխական կեանքին մասին: Հիւրերը տեղեկացուցին, թէ պատուելիի բացակայութենէ տառապող սոյն համայնքի Ծխական խորհուրդը, տօնական տարբեր առիթներով եկեղեցի կը հրաւիրէ իր ժողովուրդը, եւ տեղական ուժերով կը կատարէ հոգեւոր պաշտամունքը:
Այս առիթով, Ասորի բողոքական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին՝ Ատրպատականի Հայոց թեմի ընդմէջէն, անցեալին թէ ներկայիս, միշտ զօրավիգ կանգնած է քրիստոնէական իր փոքրաթիւ համայնքին: Հայր սուրբը ի՛ր եւ Թեմական խորհուրդի պատրաստակամութիւնը յայտնեց միշտ հովանի ըլլալու քրիստոնէական այս փոքրաթիւ համայնքին, իբրեւ Քրիստոսի բանաւոր հօտին մէկ մասնիկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.