
Սոչիի երիտասարդական խորհրդարանի անդամ, սկսնակ հասարակական գործիչ Վլատիմիր Աւագեան անձնասպան եղած է: Դէպքը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին, Մոսկուայի ժամով կէս գիշերուան ժամը 1ին:
Ըստ ականատեսներու՝ երիտասարդը կոկիկ հագուած եւ իրեն վրայ ունեցած է անձնաթուղթ մը: Անցորդները եւ տեղի բնակիչները փորձած են կանգնեցնել Աւագեանը, սակայն ան անցած է կամուրջի պատնէշը եւ անկէ վար նետուած:
Դէպքի վայր ժամանած է շտապօգնութիւնը:
Վլատիմիր Աւագեան 20 տարեկան էր, իսկ անձնասպանութեան պատճառները տակաւին չեն յայտնաբերուած: