ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան կարեւոր գործերու քննչական բաժինին մէջ քննուող քրէական գործի ծիրին մէջ Հայաստանի քրէական օրէնքի 178 յօդուածի երկրորդ մասի առաջին եւ երկրորդ կէտերով՝ խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ, խաբէութեամբ ուրիշին գոյքի յափշտակութիւն կատարելու յանցանքով ձերբակալուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական արխիւի պետը եւ նախարարութեան զօրամասերէն մէկուն թեքնիք բաժինի պատասխանատուն: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.