
ՊԵՆԿԱԶԻ, Լիպիա, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, արեւելեան Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին, խումբ մը զինեալներ կրցած են ներխուժել դեսպանատուն՝ սպաննելով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիս Սթիվընզը եւ ամերիկացի երեք պաշտօնատարներ: Ցուցարարները նաեւ հրկիզած են հիւպատոսարանին շէնքը, որ կը գտնուէր այն քաղաքին մէջ, որ Լիպիոյ ապստամբութեան խարիսխը կը նկատուէր:
Նման ցոյց մը տեղի ունեցած էր նաեւ Գահիրէի մէջ, ուր ցուցարարներ հրկիզած էին ամերիկեան դրօշակը: Ցոյցերը սկսած էին իբրեւ բողոք՝ Մուհամմատ մարգարէն ծաղրող ամերիկեան շարժապատկերի մը դէմ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա խստօրէն դատապարտեց ոճրային այս արարքը, սակայն նախագահական հանրապետական թեկնածու Միթ Ռամնի «ամօթալի՛» որակեց այն իրողութիւնը, որ Օպամայի վարչակարգը բաւարար խստութեամբ չէ հակադարձած Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեանց դէմ կատարուած յարձակումներուն:
Սպիտակ տան աղբիւրները ցաւ յայտնեցին, որ Ռամնի նման պահու մը այսպիսի քննադատութիւն մը կը կատարէ նախագահին հասցէին:
Սթիվընզ պաշտօնի վրայ սպաննուած ամերիկացի առաջին դեսպանն է՝ 1979էն ի վեր: Այդ թուականին Աֆղանիստանի մօտ ամերիկացի դեսպանը սպաննուած էր առեւանգման փորձի մը ընթացքին: