ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ, ժողովուրդին մօտ կայ պատմական եկեղեցիներու նկատմամբ որոշ վերապահութիւն մը, որուն կապակցութեամբ փաստ մը կու գայ Իզմիրի Պասմանէ թաղամասէն, որուն բնակիչները գանգատած են Իզմիրի քաղաքապետին դէմ: Անոնց բողոքին պատճառը այն է, որ քաղաքապետը եկեղեցւոյ մը նկատմամբ «բացառիկ շահագրգռութիւն ցոյց կու տայ», սակայն իսլամական աղօթատեղիի մը նկատմամբ՝ անտարբեր կը մնայ։
Հարցը Պասմանէի Սուրբ Վուքուլոս եկեղեցին է, որ փլուզումի կէտին հասած էր, բայց քաղաքապետութիւնը հիմնական վերանորոգութեանց կ՛ենթարկէ զայն։ Թէեւ վերանորոգութեան աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, բայց տեղացիները դիտել կու տան, որ այնքա՛ն լաւ վերանորոգութիւն մը կատարուած է, որ «եկեղեցին պալատ մը դարձած է»:
Անոնք նաեւ դժգոհ են այն իրողութենէն, որ մինչ եկեղեցին պիտի գործածուի իբրեւ թանգարան, եկեղեցւոյ տեղը ցոյց տուող ցուցատախտակներուն վրայ գործածուած է «եկեղեցի» բառը։
Թաղեցիները կը գանգատին, թէ փլուզումի լքուած է «Գումրուլու» կոչուած սրբատեղին, որ կը գտնուի եկեղեցիէն քիչ մը անդին։ Անոնք կ՛աւելցնեն, թէ փոխանակ վերանորոգութիւն կատարելու, քաղաքապետութիւնը այդ սրբատեղիին դրան վրայ կախած է ազդարարագիր մը, ուր կ՛ըսուի. «Ուշադրութի՛ւն. կրնայ փուլ գալ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.