Վերջին 3 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ գործող աւելի քան 70 ոչ պետական համալսարաններէն միայն 34 հատը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Այս մասին յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան՝ Ռուսիայէն, Ղազախստանէն, Ուքրանայէն, Պելոռուսէն ժամանած բարձրագոյն կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ:
Արմէն Աշոտեան աւելցուցած է, որ այս գործընթացը պիտի շարունակուի՝ ի նպաստ համալսարաններու հզօրացման եւ մրցունակութեան: Ան նաեւ ընդգծած է, որ նշուած գործընթացին ընթացքին ոչ մէկ ուսանող պիտի տուժէ։ Վերջիններս կարելիութիւն պիտի ունենան այլ համալսարաններու մէջ շարունակելու իրենց ուսումը։