Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Տարեցութիւնը (aging) հիւանդութիւն մը չէ, այլ անիկա մեր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանն է, որ կը յատկանշուի հիմնական երկու առանձնայատկութիւններով.
Ա. Տարեցներու յատուկ հիւանդութիւններով,
Բ. Տարեցներու կեանքին հոլովոյթի եւ փոփոխութիւններու բնական ընթացքով:
Ա. Տարեցներու յատուկ հիւանդութիւնները կը յայտնուին որոշ անկարողութիւններով եւ տկարացումներով.
Այս հիւանդութիւնները կը ներկայանան երկու ենթաբաժիններով.
ա. Հիւանդութիւններ, որոնք կը հակակշռուին մեր ապրելակերպով, կենցաղով, շրջապատով եւ միջավայրով: Անոնք կրնան ըլլալ ժամանակաւոր կամ մնայուն եւ երկարատեւ, օրինակ՝ սիրտի, թոքերու եւ երիկամի հիւանդութիւններ.
բ. Հիւանդութիւններ, որոնք մեր հակակշիռէն դուրս կը մնան եւ անոնք կը դառնան մնայուն եւ երկարատեւ, օրինակ՝ մնայուն մոռացկոտութիւն (Alzheimer՛s diseas), շագանակագեղձի ծաւալում (prostate hypertrophy) եւ ոսկրափխրութիւն (osteoporosis):
Բ. Տարեցներու կեանքի հոլովոյթի եւ փոփոխութիւններու բնական ընթացքը կը յատկանշուի կամքէ անկախ յառաջացած բարդ փոփոխութիւններով եւ իրադարձութիւններով, որոնք կը հակակշռուին ծինային (genetic) կանխորոշումներով եւ ժառանգականութեամբ:
Տարեցներու մօտ բնականօրէն յառաջացած փոփոխութիւններն են.
ա. Կենսաբանական (biological) փոփոխութիւններ.
բ. Հոգեբանական փոփոխութիւններ.
գ. Ընկերային փոփոխութիւններ.
դ. Կատարողական (functional) փոփոխութիւններ:
ա. Կենսաբանական փոփոխութիւնները հետեւանքն են մարմինի բոլոր օրկաններու բջիջներուն հանգրուանային եւ հետեւողական մաշումին եւ փճացումին: Այս կենսաբանական փոփոխութիւնները կը բացայայտուին որոշ ախտանշաններով, որոնցմէ կարեւորագոյներն են.
1. Բոլոր օրկաններու արդիւնաւորութեան տկարացում.
2. Ախորժակի նուազում.
3. Կշիռքի կորուստ.
4. Ջրանուազում (dehydration).
5. Տեսողութեան եւ լսողութեան տկարացում.
6. Մնայուն եւ ժամանակաւոր մոռացկոտութիւն.
7. Յօդացաւ.
8. Ոսկրափխրում եւ ոսկորներու կտրուածք.
9. Մարմնական անհաւասարա-կշռութիւն (instability).
10. Միզարձակում (urinary incontinence) եւ կղկղանքարձակում (stool incontinence).
11. Մկանային եւ մտային տկարացում.
12. Քալելու դժուարութիւն:
Տարեցներու մտային առողջութիւնը կը նպաստէ անոնց արտադրողականութեան (productivity) եւ ինքնաբաւ ըլլալուն: Մտային կարողութեան տէր տարեց մը կը յատկանշուի իր տարիքին համաձայն ունեցած յիշողութեամբ: Անկարող տարեց մը կ՛ըլլայ մոռացկոտ, ոչ-արտադրող եւ ոչ-ինքնաբաւ, այլ կախեալ ուրիշէ:
բ. Հոգեբանական փոփոխութիւններուն հետեւանքով տարեցներ կ՛ըլլան՝ եսակեդրոն, անձնասէր, պահպանողական, զգայուն, անձկալից, մտահոգ, վախկոտ եւ կասկածամիտ:
գ. Ընկերային փոփոխութիւնները կը դրսեւորուին՝ մենակեացութեամբ եւ շրջապատի անվստահութեամբ:
Տարեցներ կը վախնան հիւանդանոցային խնամքէ, հետեւաբար՝ անոնք հեռու կը մնան հիւանդանոցներէ եւ չեն ուզեր լսել կամ խօսիլ հիւանդանոցային խնամքի մասին: Անոնք կը խորհին, որ հիւանդանոց մտնելով վերջ պիտի տրուի իրենց կեանքին: Յաճախ տարեցներ շուտով չեն դիմեր բժիշկներու օգնութեան կարծելով, որ իրենց անհանգստութիւնը եւ առողջական վատ վիճակը տարեցութեան բնական ընթացքն է: Անոնցմէ շատեր իրենց հերթական բժշկական այցելութեան ընթացքին չեն բացուիր բժիշկին եւ տեղեակ չեն պահեր զայն իրենց առողջական ընդհանուր կացութեամբ: Կան տարեցներ, որոնք կը մերժեն երկրորդ անգամ այցելել բժիշկին անձնական զանազան պատճառներով, օրինակ՝ ընկճուածութիւն, ընտանեկան եւ նիւթական կորուստներ եւ վախ: Իսկ ուրիշներ այս կեցուածքը կ՛որդեգրեն պարզապէս որովհետեւ հետաքրքրուած չեն ըլլար իրենց առողջութեամբ:
դ. Կատարողական փոփոխութիւններուն հետեւանքով տարեցներ կ՛ունենան՝ հանդարտութիւն, մարմնական եւ մտային դանդաղութիւն, յոգնածութիւն, անքնութիւն, ուժասպառութիւն, քալելու եւ շարժելու դժուարութիւն:
Բացարձակ անշարժութեան պատճառով անոնք շարունակ կը կորսնցնեն իրենց մկաններու ուժականութիւնը եւ որոշ համեմատութեամբ մկաններու ծանրութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ունենան յետոյքի խոցեր եւ բաց վէրքեր: Անոնց ֆիզիքական շատ մը անկարողութիւնները յաճախ կը զարգանան զգացական եւ մտային անբնական կացութիւններով:
Տարեցներ կը յատկանշուին շատ մը առողջապահական երեւոյթներով.
Ա. Անոնք երիտասարդներու եւ չափահասներու նման կրնան ախտահարուիլ զանազան հիւանդութիւններով, սակայն անոնց ապաքինումը սահուն չըլլար եւ կ՛ունենան շատ աւելի բարդութիւններ.
Բ. Անոնք շուտով կը վարակուին փոխանցիկ հիւանդութիւններով, որովհետեւ անոնց դիմադրողականութիւնը չափազանց տկարացած կ՛ըլլայ եւ չեն կրնար պայքարիլ հարցակող մանրէներու դէմ.
Գ. Տարեցները ընդհանրապէս շատ աւելի դեղեր կը գործածեն քան երիտասարդները: Անոնց գործածած դեղերը մեր ուշադրութեան պէտք է արժանանան, որովհետեւ շատ մը դեղեր կրնան ներգործութիւն (interaction) ունենալ, երբ միաժամանակ կը գործածուին եւ այս պատճառաւ կրնան յառաջանալ անակնկալ վտանգաւոր բարդութիւններ:
Դ. Տարեցներուն մեծամասնութիւնը կ՛ունենայ միատեղ զանազան տեսակի մարմնական, հոգեկան, հոգեբանական եւ մտային հիւանդութիւններու ախտանշաններ, որոնք կը յառաջանան բազմա-օրկանային խանգարումներով.
Ե. Տարեցներու հոգատարութիւնը եւ խնամատարութիւնը կը տարբերի երիտասարդներուն հոգատարութենէն, որովհետեւ տարեցները ընդհանրապէս ունին տարբեր եւ աւելի բարդ առողջապահական պէտքեր քան երիտասարդները: Տարեցներ միջին հաշուով կ՛ունենան 4-5 ախտաճանաչելի հարցեր: Անոնց մօտ մարմինի մէկ օրկանի հիւանդութեամբ երկրորդ կամ երրորդ օրկան մը կը խանգարուի կամ կ՛ախտաւորուի եւ այս պատճառով տարեցներուն մեծամասնութիւնը կը դառնայ անկարող, ոչ արտադրող եւ կախեալ ուրիշներէ:
Տարեցներուն առողջապահական պէտքերը անսահման են: Անոնք պէտք ունին հետեւողական եւ յարատեւ բժշկական խնամքի ու հոգատարութեան, որոնք կը մատուցուին ընտանեկան բժիշկներու եւ մասնագէտ բժիշկներու կողմէ:
Յառաջացած երկիրներու մէջ արագօրէն զագացած է բժշկական յատուկ մասնագիտութիւն մը, որ կը կոչուի տարեցաբժշկութիւն (geriatric medicine, geriatrics): Ան տարեցներուն բժշկական խնամքի մատակարարման բժշկութիւնն է: Այն բժիշկը, որ կը մասնագիտանայ տարեցաբժշկութեան մէջ կը կոչուի տարեցաբժիշկ (geriatrician):
Տարեցաբժիշկը իր հմտութեամբ եւ առաքելութեամբ կը փորձէ.
1. Դարմանել տարեցներու հիւանդութիւնները եւ մեղմացնել անոնց ցաւերը.
2. Բարելաւել ծերութեան պատճառով յառաջացած ամէն տեսակի տկարուիւթնները.
3. Բարելաւել տարեցներու առողջութիւնը, կարողականութիւնը, շարժումները, հոգեկան վիճակը.
4. Բարելաւել տարեցներու կեանքի մակարդակը.
5. Երկարաձգել անոնց կեանքը հանգստաւէտ պայմաններու մէջ.
6. Մղել տարեցները օրինաւոր մարմնամարզանքի եւ մտային մարզանքի՝ կարդալ եւ ներկայ ըլլալ մշակութային ձեռնարկներու.
7. Փոխանցել տարեցներուն առողջապահական գիտելիքներ եւ առողջ սննդակատարութեան կանոններ.
8. Օգնել անոնց, որ դառնան ինքնաբաւ.
9. Մղել անոնց որպէսզի զարգացնեն առողջ եւ մտերմիկ ընկերային կեանք.
10. Վարուիլ տարեցներուն հետ խոհեմութեամբ եւ ազնուաբար.
11. Շահիլ անոնց վստահութիւնը.
12. Ցուցաբերել անոնց հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ հոգածութիւն.
13. Յարգել անոնց անհատականութիւնը, կարծիքները, համոզումները.
14. Տրամադրել բաւարար ժամանակ լսելու անոնց բոլոր հարցերը, պէտքերը եւ փափաքները:
Տարեցաբժիշկներու խնամատարական ծառայութիւններու շնորհիւ տարեցներու կեանքի մակարդակը բաւական բարելաւուած է: Անոնք ունին որոշ չափով հանգիստ կեանք եւ պայմաններ: Այս բոլորին իրականացման աշխատանքին մէջ տարեցաբժիշկներուն օժանդակած են տարբեր տարբեր մասնագէտ բժիշկներ, ատամնաբուժներ, դեղագործներ, ընկերային ծառայողներ եւ մարմնամարզանքի ուսուցիչներ: Պետութիւններն ալ բերած են իրենց տարեցավայել նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը:
Տարեցներու թիւը ընկերութեան մէջ հետզհետէ կը բարձրանայ: Ներկայիս անոնց ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ բաղդատաբար անցեալին աւելի զգալի կը դառնայ: Օրինակի համար՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1900ական թուականներուն տարեցները (65 տարեկանէն վեր) կը կազմէին ժողովուրդի 4 առ հարիւրը, իսկ 2005ին անիկա եղած է 13 առ հարիւր: 2026ին կը կարծուի որ այս համեմատութիւնը պիտի բարձրանայ 20 առ հարիւրի:
Ներկայիս 65 տարեկան տղամարդոց ապրելու կարելիութիւնը մօտաւորապէս 16 տարի է, իսկ 75 տարեկան տղամարդոցը՝ 9 տարի է: Կիներուն պարագային այս թիւերը մագլցում արձանագրած են եւ եղած են՝ 19 եւ 12 տարի:
Այս բարեփոխութիւնը տեղի ունացած է, որովհետեւ մարդիկ աւելի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, բժշկական բարձր ու ընկերային լայնատարած խնամքներ կը մատակարարուին իրենց եւ հետեւաբար անոնք կը վայելեն առողջութեան պտուղները:
Կիները աւելի երկար կ՛ապրին, մօտաւորապէս 5 տարի, քան տղամարդիկ՝ ծինային, կենսաբանական, կենցաղային եւ միջավայրային պատճառներով:
Մենք չենք կրնար փոխել ծերութեան բնական ընթացքը, սակայն կրնանք համակերպիլ անոր հետ եւ կրնանք մասամբ արգելք հանդիսանալ անոր արագ յառաջխաղացքին որոշ միջոցառումներով, որոնք կը պահանջեն տարեցներու կողմէ անհատական համոզում, որոշում եւ գործադրութիւն: Այս միջոցառումներէն կարեւորագոյններն են.
1. Հետեւիլ առողջ սննդականոնի եւ օրինաւոր մարմնամարզանքի.
2. Պահել մարմինը մաքուր ամէնօրեայ լոգանքով.
3. Քնանալ բաւարար ժամեր.
4. Այցելել բժիշկին հերթաբար.
5. Ունենալ առողջ եւ մտերմիկ ընկերային կեանք.
6. Կատարել մտային մարզանք.
7. Ապրիլ ուրախ.
8. Բնաւ չծխել.
9. Ալքոլ չափաւոր գործածել: