ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին հաղորդուեցաւ, թէ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող ուժերը կը փորձեն գրաւել Տէր Զօր նահանգին մէջ գտնուող «Համատան» ռազմական օդակայանը, ծանր բախումներու պատճառ դառնալով:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրդողան, «Սի.Էն. Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման հարցով Ամերիկայի ոչ բաւարար մասնակցութեան նկատմամբ, Ուաշինկթընի այս կեցուածքը կապելով Նոյեմբերի նախագահական ընտրութեանց:
Էրտողան քննադատած է յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Ուաշինկթըն նեցուկ չի կանգնիր Սուրիոյ վրայ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու Անգարայի կոչին:
Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Չինաստան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ մէջ զինուորական արտաքին միջամտութեան, միջազգային ընտանիքին կոչ ընելով՝ «պատասխանատու կեցուածք որդեգրելու եւ սուրիական տագնապի քաղաքական լուծումին յանձնառու մնալու»:
Նաեւ, Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ եթէ ՄԱԿը որոշէ, Իտալիա կարողութիւնը ունի Սուրիոյ մէջ որեւէ միջամտութեան մասնակցելու՝ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումէն ետք, «նոյնիսկ եթէ այդ մէկը զինուորական ըլլայ»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կառչած կը մնայ, միաժամանակ Ասատի վարչակարգը պատասխանատու նկատելով անցնող ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու առիթը կորսնցնելուն: Արապի ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի «տքնաջան եւ չափազանց բարդ առաքելութեան» յաջողութիւն մաղթեց:
Յայտնենք, թէ ռուսական զինուորական աղբիւր մը «ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան փոխանցած է, որ «Ռուսիա այս ամառ Սուրիայէն իր զինուորները հեռացնելու մասին մտածեց, սակայն տեսաւ, որ կացութիւնը բաւական կայուն է եւ ծովային խարիսխը որեւէ սպառնալիք չի դիմագրաւեր: Ան նշած է, որ Մոսկուա Միջերկրական ծովուն մէջ Ռուսիոյ միակ խարիսխը հանդիսացող Թարթուսի նաւահանգիստէն հրաժարելու անմիջական ծրագիրներ չունի: