Ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանի վերամուտի օրերուն եւ յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելութիւններ տուաւ Ազգային վարժարաններ եւ մանկամսուրներ, փոխանցելու իր օրհնութիւններն ու յորդորները:
Երկուշաբթի, Օգոստոս 20ին, առաջնորդը այցելեց Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի զոյգ համալիրները եւ իր օրհնութեամբ բացումը կատարեց ուսումնական տարեշրջանին։
Ուրբաթ, Օգոստոս 24ը վերամուտ էր Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտներուն համար։ Դեռատի մանուկները, իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ ու անոնց գիրկին մէջ մասնակից եղան վերամուտի կարճատեւ արարողութեան։ Ա-ռաջնորդը այցելեց «Թաւլեան» մանկամսուրը եւ պաշտօնական բացումը կատարեց ուսումնական տարուան։ Առաջնորդին կ՛ընկերանար Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապօշեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ, վարժարանի կնքամայրեր եւ այլ հիւրեր:
Տէր հօր բացման աղօթքէն ետք հրաւիրուեցաւ առաջնորդը՝ փոխանցելու համար իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները։
Տնօրէնուհի Հելէն Մանուչարեան ողջունեց մանուկներն ու ծնողները, ապա բոլոր հիւրերը հրաւիրեց հիւրասիրութեան։