ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
«Սաֆարով» գործողութիւնը անկասկած հարուած է հայկական կողմին: Պարզ է նաեւ, որ մեր դիւանագիտութիւնը չէ յաջողած այստեղ արդիւնք ձեռք ձգել եւ ամէն կերպ պայքարիլ մարդասպանի արտայանձնումը չիրականացնելու համար: Որովհետեւ նոյնքան պարզ է, որ երբ արտայանձնումը տեղի ունենար, անմիջապէս ազատութեան մէջ պիտի յայտնուէր ոճրագործը: Ատրպէյճանը ոչ միայն հասարակական հիմունքով, այլ պետութեան ամէնէն բարձր մակարդակով առաջին օրէն իսկ հերոսացուցած էր զուտ ցեղային հողի վրայ հայատեացութենէ մեկնած եւ ցեղապաշտական մոլուցքէ տարուած անասնային արարքի դիմած այլանդակութեան հեղինակը:
Այժմ փորձ պէտք է կատարել յուզականութենէն անդին դիտարկելու այն կատարուած իրողութիւնը, որմէ առաւելներ պէտք է ձեռք բերէ հայկական կողմը:
Նախ, պէտք է տեսնել այն, որ Պաքուն, որ վաղուց կ՛աշխատէր այս գործողութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ, ոչինչ պիտի խնայէր իր բանակայինը տուն բերելու համար: Այս սուղ փրկագինը ի հարկէ Սաֆարով անուն մէկ արարածին չէր վերաբերեր: Այստեղ յստակ քաղաքականութիւն կայ ներատրպէյճանական ոգեւորութեան ալիքը բարձրացնելու: Այս փաստօրէն պարտուած կողմի հաշուարկ է, որ երբ Արցախեան ճակատի ուղղութեամբ ոչինչ կը յաջողի իրականացնել, երբ հրադադարի խախտումները որեւէ արդիւնքի չեն յանգիր, երբ հետախուզական գործողութիւնները կը չէզոքացուին, երբ հայկական սահմանին վրայ կատարուած ոտնձգութիւնները կը ստանան համարժէք պատասխան, պէտք է Արցախի սահմաններէն շատ հեռու գործողութիւն մը իրականացնել, որ կը սփոփէ բարոյալքուած հոգիները: Ուրեմն ի գին դրամական մեծ խոստումներու, ի գին խաբէութիւններու, գործարքներու այս գրաւը պէտք էր իր լրումին հասցնէր, առնուազն ներքին սպառումի համար ծախուող ապրանք մը հրապարակ իջեցնելու:
Պաքուն վստահաբար պիտի ակնկալէր, իր գրաւոր խաբէութեան, մարդասպանի հերոսացման, հակաօրինական շռնդալից ցուցադրութեան, մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներու բացայայտ ոտնահարման մեծ արձագանգ՝ թէ՛ լրատուական, թէ՛ հասարակական եւ թէ պետական մակարդակներով: Այս բոլորով հանդերձ նման քայլի երթալը անհրաժեշտ հրամայական էր պարտուած ու արցախեան հակամարտութեան մէջ ռազմական ամլութեան մատնուած Պաքուին համար: Պաքուն սակայն չհաշուարկեց, որ հայկական կողմին յանձնեց կարեւոր յաղթաթուղթ մը, որուն կարելի է ամէն անգամ յղում կատարել՝ ըսելու համար, որ Ատրպէյճանը այն երկիրն է, որ իր ստորագրած համաձայնագիրները յարգելու կարողութիւնը չունի: Պուտափեշտի հետ Պաքուի ստորագրած փաստաթուղթը յամենայն դէպս Սաֆարովի ազատութեան մէջ յայտնուելու մասին չէր խօսեր: Եւ երբ կողմ մը ի՛նք իր ստորագրած համաձայնագիրը չյարգելու բացայայտ օրինակը կու տայ, ապա լուրջ կասկածի տակ կը դնէ որեւէ լուծումի շուրջ յանձնառութեան տակ մտած ըլլալու իր երաշխիքը: Իսկ եթէ հրադադարի խախտումները մշտադիտարկումներու կարիքը ունէին իմանալու համար, թէ ո՞ր կողմն է նախախախտողը, այս պարագային աւելի քան պարզ է համաձայնագիր չյարգողը, գրաւոր, ստորագրութեա՛մբ խաբողը:
Պաքուն էր դարձեալ, որ անվերջ փորձեր կը կատարէր արցախեան հակամարտութեան բանակցային ձեւաչափը փոխելու: Իր այդ ճիգին մէջ միեւնոյն Պաքուի նախաձեռնութեամբ թղթածրարը կը հասնէր միջազգային ատեաններ, ուր օգտագործելով կրօնական եւ ցեղակցային հանգամանքները՝ Ատրպէյճանը կը մաքսանենգէր հակահայ բանաձեւեր, ընդ որում Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին խօսող փաստաթուղթեր: Հիմա, նոյն Պաքուն է, որ կ՛ոտնահարէ միջազգային այլ նորմեր ու իրաւաթուղթեր՝ ցմահ ազատազրկուածներու արտայանձնման պարագային պատիժի շարունակութիւնը հաստատող: Եթէ Պաքուի համար միջազգային իրաւունքը, օրէնքը, կամայաբար կարելի է անտեսել, այդ պարագային կ՛անտեսուի՛ն նաեւ այն բոլոր բանաձեւերը, որոնց ամրագրումին համար այսքան ժամանակ եւ գումար վատնած էր Ատրպէյճանը:
Ներքին սպառումի առաջնահերթութիւնը այնքան մը գերակայ եղած է այս բոլորին մէջ, որ կարճաժամկէտ եւ շուտ սպառուող առաւելներու համար Պաքուի ղեկավարը փոխանակ պատժաչափի ներումի իրաւական սահմաններուն մէջ մնալու փորձ կատարելու, ուղղակի հերոսացումի պետական պարգեւին արժանացուցած է մարդասպանը: Անգամ մը եւս համոզելով դիպաշարին հետեւողը, որ Ատրպէյճանի մէջ գազանային իւրայատկութիւններ ունենալն ու զանոնք դրսեւորելը պետական արժեհամակարգին մաս կազմող կարեւոր բաղադրիչներ են:
Անշուշտ խնդիրը արտայանձնման մասին միջազգային օրէնքներու, միջպետական համաձայնագիրներու եւ ատրպէյճանական խոստումնագիրի ետին պահուըտող Պուտափեշտի իշխանութիւններուն կը վերաբերի, որոնց պարտատոմսերու վաճառքը Ատրպէյճանին պարզապէս խիղճի ու բարոյականութեան վաճառքի համազօր քայլ է: Թէեւ քաղաքական առեւտուրին մէջ ոչ արդարացուած, այսուհանդերձ ընկալելի երեւոյթ: Ամէն պարագայի, ներհունգարական ընդվզումի ալիքի բարձրացումը կարեւոր է. Պուտափեշտի իշխանութիւնները այո՛ հաշիւ պէտք է տան նախ իրենց ժողովուրդին, նման վարկաբեկում հասարակութեան ճակատին գրելու համար, ապա առնուած քայլը «համապատասխանեցնել»ու եւրոպական նորմերուն, միջազգային օրէնքներուն, մարդկային իրաւունքներուն: Հունգարիան ներեւրոպական հակասութեան մէջ յայտնուած է: Այդ հակասութիւնը սրելը եւ մանաւանդ Հունգարիայէն քայլ պահանջելը, թէեւ չի լուծեր բուն հարցը, այսուհանդերձ կը զգացնէ իր անհրաժեշտութիւնը:
Վերահամոզուինք սակայն, որ Պաքուի առաջադրանքը ներքին սպառումի թիրախը ունէր: Այլապէս, մէկ թիզ հողաշերտ վերցնելու համար պարտուած Պաքուն պատրաստ էր զոհելու բազմաթիւ սաֆարովներ:
«Սաֆարով» գործողութիւնը ի վերջոյ բազմաթիւ հիմնաւորեալ տուեալներ կը տրամադրէ հայկական կողմին բոլորը համոզելու հայերու եւ ատրպէյճանցիներու անհամատեղելիութեան մասին: Սաֆարովի հերոսացումը ստորագրելով՝ Ալիեւը ի՛նք անձամբ ստորագրած եղաւ այդ անհամատեղելիութիւնը:
————————————————–
Հունգարացիները կը բողոքեն