
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վարչութեան գործադիր մարմինի դիւանին ներկայացուցիչները՝ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի մէջ վերջերս պաշտօնապէս արձանագրուած եւ ՀՌԱԿ ու Արմէնական-ՌԱԿ կուսակցութիւններու իրաւայաջորդն ու ժառանգորդը հանդիսացող Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ղեկավար մարմինի ներկայացուցիչները Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած են կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները, խօսած են Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ աշխոյժ գործունէութիւն սկսելու, նաեւ Սփիւռքի մէջ կուսակցութիւնը միաւորուած տեսնելու ՌԱԿի նպատակներուն մասին: Հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրուած են Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական կեանքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող որոշ հարցերու մասին, իրենց մտահոգութիւնները յայտնած են Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն վիճակին առնչութեամբ եւ անոնց աջակցելու գծով առաջարկներ կատարած են։
ՌԱԿի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ Մայր հայրենիքում իրենց միաւորումը եւ քաղաքական կեանքում յաջողութիւնները կարող են նպաստել Սփիւռքում եւս կուսակցութեան միաւորմանը: Նրանք նշել են, որ ՌԱԿ-ը որոշել է ՀՀ քաղաքական կեանքում ակտիւ գործունէութիւն ծաւալել, մասնակցել տեղական ինքնակառավարման ու համապետական ընտրութիւններին, եւ այդ ուղղութեամբ կուսակցութիւնն արդէն առաջին քայլերն արել է առաջիկայ ՏԻՄ ընտրութիւններին ՌԱԿ-ի կողմից թեկնածուներ առաջադրելով: