29 Օգոստոսի առաւօտուն լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Զամալքայի մէջ գտնուող մզկիթներէն մէկուն մէջ գտնուած են դիակներ, որոնց մէջ եղած են նաեւ հայ ընտանիքի մը վեց անդամները։
Թէեւ լուրը տարածուեցաւ, յատկապէս համացանցի ճամբով, սակայն անիկա չհաստատուեցաւ որեւէ ձեւով։
Հաւանական նկատուեցաւ, որ անիկա պարզապէս ապատեղեկատուութիւն ըլլայ։
Այս դէպքին շուրջ անորոշութիւն կը տիրէր մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը։