

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարը Արամ Ղարաբէկեանն է, հրաւիրուած է պատրաստելու արուեստի իւրայատուկ ներկայացում մը, Սեպտեմբեր 20ին, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունենալիք «Էնտեւըր» անջրպետանաւը դիմաւորելու արարողութեան ընթացքին:
25 տարիներու սպասարկութիւն մատուցած անջրպետանաւը Ֆլորիտայէն Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան պիտի ժամանէ եւ որոշ ժամանակ մը այնտեղ հանգրուանելէ ետք՝ վերջնականապէս պիտի փոխադրուի Լոս Անճելըս գտնուող Քալիֆորնիոյ գիտութեան կեդրոնը:
«Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամը եւ ես հպարտ ենք, որ մասնակից պիտի դառնանք պատմական այս արարողութեան», կը յայտնէ Արամ Ղարաբէկեան:
Դիմաւորման արարողութիւնը կազմակերպողներուն համաձայն՝ մօտաւորապէս 300 պաշտօնատարներ հրաւիրուած են դիմաւորման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ միջազգային լրատուական գործակալութեանց լուսարձակներուն տակ:
Բաց երաժշտութեան ընկերակցութեան հիմնադրամը ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է երժշտութեան մարզին մէջ երիտասարդ տաղանդներ մշակել ու երաժշտութեան հանդէպ սէր սերմանել: Անոր մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար, այցելել www.openmusicsociety.org կայքը: