ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Լոս Անճելըսի դաշնակցային դատարանի 35ամեայ աշխատակից Նունէ Գէորգեան կը մեղադրուի գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսք կազմակերպելու ճամբով՝ արդարադատութեան խոչընդոտ հանդիսանալու յանցանքով։ Նունէն եւ ամուսինը՝ Յովհաննէս Կօշկարեանը, ձերբակալուած են անցեալ շաբաթ, «Արմինիըն Փաուըր» հրոսակախումբին նպաստելու յանցանքով:
Ամբաստանագիրին մէջ կը նշուի, որ Նունէ Գէորգեան այդ խմբակին դէմ ոստիկանական գործողութիւններէն առաջ, տեղեկութիւններ փոխանցած է անոնց, որպէսզի չձերբակալուին:
Անցեալ տարի տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւններու արդիւնքով ձերբակալուած էին խումբի 70 անդամներ, որոնցմէ մէկը, յուսալով, որ իրեն դէմ պարտադրուելիք պատիժը կը մեղմանայ՝ խոստովանած է իշխանութեանց, թէ ձերբակալեալներէն շատեր նախապէս տեղեակ պահուած էին ոստիկանական գործողութիւններու մասին, եւ թէ այդ տեղեկութիւնները փոխանցուած էին Նունէ Գէորգեանի կողմէ։