ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը հանդէս եկած է Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թաւրիզ քաղաքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու առաջարկով:
Իրանական «Միհր» գործակալութեան փոխանցումով՝ այս մասին Թաւրիզ կատարած այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է Իրանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան:
«Ներկայիս Հայաստան կը քննարկէ այս հարցը», ըսած է Առաքելեան, աւելցնելով, որ որոշ հարցեր լուծելէ ետք՝ պիտի բացուի հիւպատոսութիւնը:
Դեսպանը յայտնած է նաեւ, որ Թեհրանի մէջ Օգոստոս 26էն 31ի միջեւ իրականացուելիք «Չմիաւորման շարժման գագաթնաժողով»ին պիտի մասնակցի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւս: