ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Շուրջ 10 ազար առաջին դասարանցի նոր ուսումնական տարեշրջանին Երեւանի մէջ դպրոց պիտի յաճախէ, ըսած է Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան:
«Ընդունման (փաստաթղթերի) գործընթացը կը տեւի մինչեւ Սեպտեմբերի 5ը, որից յետոյ մենք կը յայտարարենք (առաջին դասարանցիների) վերջնական քանակը: Օգոստոսի 20ի դրութեամբ մենք արդէն շուրջ 10 հազար առաջին դասարանցի ունենք, սակայն յոյսով ենք, որ նրանց քանակը կ՛աւելանայ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Սողոմոնեան:
Ան նշած է, որ այս տարի, աւանդութեան համաձայն, մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարները դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ պիտի նուիրեն առաջին դասարանցիներուն:
Վարչութեան պետը նաեւ դիտել տուած է, որ քաղաքապետարանը մայրաքաղաքի դպրոցներուն յատկացուցած է խոտ հնձելու սարք, եւ ներկայ դրութեամբ մեծ աշխատանք կը տարուի դպրոցներու տարածքը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ դպրոցին անհրաժեշտ կահոյք ապահովելու նպատակով:
Սողոմոնեան ընդգծած է նաեւ, որ 1-4 դասարանի աշակերտներուն բոլոր դասանիւթերուն դասագիրքերը անվճար կերպով պիտի տրուին:
Ան յայտնած է, որ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանի հովանիին տակ կը գտնուին 162 միջնակարգ, մասնագիտական եւ հանրակրթական դպրոցներ: