
ԵՐԵՒԱՆ.- 21 Օգոստոսին իրենց արձակուրդին մէկ մասը Հայաստանի մէջ անցընելու նպատակով Սուրիայէն Հայաստան ժամանած պատանիները դիմաւորելու ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնած է, որ Սուրիոյ հայկական թաղամասերուն մէջ որեւէ աւեր չէ գործուած, խուճապային իրավիճակ չկայ, մարդիկ զգուշաւոր ըլլալով կը խուսափին փողոց իջնելէ, մանաւանդ որ փողոցը բախումներ կան, եւ որեւէ անզգոյշ քայլ կրնայ հետեւանքներ ունենալ։
Նախարարին համաձայն, ոչ ոք կրնայ սուրիահայերուն պարտադրել իրենց տուները ձգելով դուրս ելլել, սակայն նկատի ունենալով, որ իրենք՝ սուրիահայերը, ուզած են գալ, թռիչքներուն թիւը աւելցուած է. «Իւրաքանչիւր պահ թելադրում է նոր իրավիճակ, նորից եմ կրկնում՝ ինչքան վիճակը ծանր է, գալու ցանկութիւն ունեցողներ շատ կը լինեն, ինչքան վիճակը կայուն է կամ գոնէ տանելի է, այնքան մարդիկ գերադասում են մնալ իրենց տներում»։ Ան դիտել տուած է, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տանելի է, չկայ այն իրավիճակը, որ մարդիկ պահանջեն շուտով օդանաւեր ուղարկել եւ հոնկէ դուրս գալ։ Ան նաեւ նշած է, որ սուրիահայերը նաեւ չեն ուզեր Լիբանան երթալ. «նման բան չկայ, որոշ ընտանիքներ են միայն տեղափոխուել»:
Նախարարը տեղեկացուցած է, որ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեան սփիւռքի նախարարութեան յայտնած է, որ 21 Օգոստոսին Հալէպը կառավարական զօրքերու վերահսկողութեան տակ դրուած է: «Փառք ու պատիւ մեր հայկական համայնքին, նրանք իրենց չէզոքութեամբ կարողանում են պահպանել հանգստութիւն եւ կայունութիւն համայնքում, որպէսզի չանցնեն մէկի կամ միւս կողմը եւ աւելորդ լարուածութիւն լինի», դիտել տուած է նախարարը:
Անդրադառնալով սուրիահայ երեխաներուն Հայաստանի մէջ ուսում ստանալու հարցերուն՝ սփիւռքի նախարարը դիտել տուած է, որ նախարարութեան մէջ ստեղծուած է սփիւռքահայերէ բաղկացած աշխատանքային խումբ եւ աշխատանք կը տարուի պարզելու, թէ այս պատանիները ինչպիսի՛ դպրոց պէտք է յաճախեն։
«Կայ երեք տարբերակ, առաջինը, որ երեխան սովորի մեր սովորական դպրոցում, այդ իսկ նպատակով Շահումեանի անուան դպրոցում բացուել է արեւելահայերի ուսուցման արագացուած քուրսեր, որտեղ 50 երեխայ այսօր սովորում է: Երկրորդ տարբերակն այն է, որ դպրոցներում որոշակի դասարաններում իրականացնեն արեւմտահայերի ուսուցում, ինչի համար կան Սիրիայից եկած ուսուցիչներ, որոնք կարող են ուսուցում տալ երեխաներին: Երրորդ տարբերակն էլ այն է, որ այստեղ սիրիական դասարաններ ստեղծուեն, երեխաները կրթութիւնը շարունակեն սիրիական ծրագրով, սիրիական ծրագիրը համադրուի հայկական ծրագրի հետ, այս ծրագրով պէտք է սովորեն այն ընտանիքները, որոնք մտադիր են հետագայում վերադառնալ Սիրիա։ Այս տարբերակը կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ քննարկման փուլում է», հաստատած է նախարարը: Ան նաեւ նշած է, որ կ՛ակնկալուի մինչեւ 1 Սեպտեմբեր այս հարցերուն առնչութեամբ որոշ յստակեցումներ կատարուին, որոշումներ տրուին եւ համապատասխան քայլեր առնուին։ Սփիւռքի նախարարին համաձայն, քիչ չեն նաեւ այն երիտասարդները, որոնք կ՛ուզեն իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակել Հայաստանի համալսարաններուն մէջ: Քննարկուած են նաեւ, համալսարանի թոշակի վճարումները նոյնացնել Հայաստանի եւ սուրիահայ երիտասարդներուն համար։
Հրանոյշ Յակոբեանի համաձայն, ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ շուրջ 1500 սուրիահայ, այսինքն՝ մօտաւորապէս 250-300 երեխայ, որոնց մասին պէտք է մտածել: Անոնց մէկ մասը տեղաւորուած է Երեւանի մէջ, ուրիշ մաս մը՝ մարզերուն: