
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական համայնքի առաջին հանդիպումը նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ տեղի պիտի ունենայ աշնան սկիզբը, տեղեկացուցած է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հասարակական կազմակերպութիւններու եւ մամլոյ հարցերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
«Եւրոպայի մէջ արձակուրդի շրջանը կը սկսի Օգոստոսին եւ մենք կը փորձէինք գոնէ մինչեւ Յուլիս 31 կազմակերպել հանդիպումը, սակայն այդ մէկը կարելի չեղաւ: Պատճառներէն մէկը Հոլանտի գերզբաղուածութիւնն էր», ընդգծած է Տէմիրճեան, հաւաստիացնելով, որ արձակուրդներէն ետք հայ համայնքի ներկայացուցիչները անպայման պիտի հանդիպին Ֆրանսայի նախագահին հետ:
«Հոլանտի հետ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի միայն մէկ հարց՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վերամշակման հարցը: Նախագահը արդէն վերահաստատած է նոր օրինքգիծ մը ներկայացնելու նախընտրական շրջանին իր կատարած խոստումը», յիշեցուցած է Տէմիրճեան:
Ըստ անոր, օրինագիծի ընթացակարգը նոյնը պիտի ըլլայ՝ քննարկում եւ վաւերացում խորհրդարանին մէջ, ապա՝ Ծերակոյտին մէջ, որմէ ետք նախագահը պիտի ստորագրէ օրինագիծը, առանց սպասելու, որ բողոքարկուի եւ ղրկուի Սահմանադրական խորհուրդ:
Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող նախորդ օրինագիծը անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 22ին վաւերացուեցաւ խորհրդարանին կողմէ, իսկ Ծերակոյտին կողմէ՝ այս տարուան Յունուար 23ին: Այնուհանդերձ, Ֆրանսայի Սահմանդարական խորհուրդը Փետրուար 28ին հակասահմանադրական նկատեց օրինագիծը: