ՊԵՐՃ ԶԱՏՈՅԵԱՆ
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յուլիս 8ին տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր դասախօսութիւն մը: Օրուան բանախօսն էր «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ, մտաւորական Յարութ Սասունեան, իսկ դսախօսութեան նիւթն էր՝ «Ի՞նչ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի դիրքորոշումը՝ Թուրքիոյ երկխօսութեան հրաւէրին նկատմամբ»:
Ձեռնարկի հանդիսավար Ճորճ Պէքէրեան բացման խօսքը կատարելէ ետք, ներկայացուց բանախօսին կենսագրականը եւ ապա զայն բեմ հրաւիրեց:
Յարութ Սասունեան նախ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչո՞ւ թուրքերը երկխօսութիւն կ՛ուզեն Սփիւռքի եւ ոչ թէ Հայաստանի պետութեան հետ: Ապա ան որոշ տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն մասին:
Յարգելի բանախօսը չակերտաւոր մէջբերումներ ըրաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսքերէն եւ վերլուծեց զանոնք՝ ըստ պատշաճի: Ան նաեւ յիշեց այն հանդիպումները, որոնք տեղի ունեցած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ու որոշ հայ անհատներու միջեւ:
Բանախօսը անդրադարձաւ այն միջոցներուն, որոնց կը դիմեն թուրքերը, իրենց համար պարարտ հող ստեղծելու նպատակով, որպէսզի կարենան պառակտել Սփիւռքը:
Նման քննարկումներ եւ դասախօսութիւններ անհրաժեշտ են եւ պատեհ միջոցներ են մեզի ցոյց տալու համար, թէ որքանո՛վ պատրաստ ենք մենք զմեզ լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու: Անոնք նաեւ առիթ կ՛ընծայեն քննարկելու այսքան խրթին, էական եւ ճակատագրական հարցեր:
Յարութ Սասունեան իր տեսակէտները յայտնեց նշեալ հրաւէրին վերաբերեալ եւ շատ կարեւոր նկատեց, որ ճշդենք ու յստակացնենք մեր պահանջները եւ հասկնանք, թէ թուրքերը որքանո՛վ լուրջ եւ բարեացակամ պիտի ըլլան: Այլ խօսքով՝ թուրքերը բարի եւ տրամաբանական ի՞նչ նախադրեալներով պիտի մօտենան այս հարցի քննարկման:
Սասունեան յիշեց նաեւ այն անհրաժեշտ կէտերը, որոնք պէտք է իրականացուին՝ նախքան որեւէ հանդիպում, ապա անդրադարձաւ այն ազգային կառոյցին, որ տակաւին գոյութիւն չունի, եւ որ պէտք է ներկայացնէ ողջ հայութեան արդար պահանջները:
Սոյն դասախօսութիւնը կարելի է դիտել «YouTube» համացանցային կայքին վրայ՝ այցելելով www.youtube.com/watch?v=wVWyTWQHHmQ կայքէջը:
Մեր յաջորդ դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Օգոստոս 19ին, կ.ե. ժամը 1ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta): Օրուան բանախօսն է Սարգիս Մահսէրէճեան, իսկ դասախօսութեան նիւթն է՝ «Հայ լեզուի հարցը այսօր»: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: