
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան մասնակցած է Երեւանի քաղաքապետարանի «Զեյթուն» մշակութային կեդրոնի հանդիսաւոր վերաբացման:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծով 50ական թուականներուն կառուցուած մշակութային այս օճախը աւելի քան 18 տարի լքեալ մնացած էր։ Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ, անիկա ներառուած է քաղաքապետարանի 2012ի ծրագիրներուն մէջ, մշակոյթի տունը ամբողջութեամբ նորոգուած է եւ նոր ուսումնական տարեշրջանին անիկա իր դռները պիտի բանայ սաներուն դիմաց՝ ամբողջովին նորոգուած ու անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւններով կահաւորուած:
Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանի ղեկավարին ընկերակցութեամբ, Տարօն Մարգարեան շրջած է կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն: Նորոգման ծրագիրով շէնքին մէջ առանձնացուած արուեստի խմբակներու դասարանները կահաւորուած են համապատասխան գոյքով, դահլիճն ու բեմը եւս օժտուած են անհրաժեշտ տեսալսողական եւ լուսաւորման ժամանակակից արդիական միջոցներով: Ներկայ իրավիճակով բեմին վրայ պարային եւ թատերական ներկայացումներ կազմակերպելու առիթ կը տրուի դպրոց յաճախողներուն։
«Զեյթուն» մշակութային տան վերաբացման առիթով շնորհաւորելով վարչական շրջանի բնակիչներրը՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշած է, որ Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանին մէջ գտնուող թամանեանական եզակի այս կառոյցը յետ այսու լիովին կը ծառայէ մատաղ սերունդին մշակութային կրթութիւն փոխանցելու շնորհակալ գործունէութեան: «Մշակոյթի այս օճախը կը ծառայի ոչ միայն Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանի բնակիչներին, այլ ամբողջ Երեւանի արուեստասէր փոքրիկներին: Մեծն Թամանեանի նախագծած շէնքն այսօր կանգուն է, վերանորոգուած եւ մենք յանձնելու ենք այն մշակութային կրթութիւն ստացող մեր սերունդներին: Վերջին երեք տարիների ընթացքում քաղաքապետարանի ծրագրերում մշտական ուշադրութեան կենտրոնում են մշակութային օճախները: Մենք յայտարարել էինք, որ պէտք է կարճ ժամանակահատուածում հիմնանորոգման լուրջ աշխատանքներ իրականացնենք մշակութային օճախներում, ինչն էլ այսօր հետզհետէ կեանքի է կոչւում: Վստահեցնում եմ բոլոր երեւանցիներին, որ այս ծրագրերը լինելու են շարունակական բոլոր վարչական շրջաններում եւ այն խնդիրները, որոնք դրել ենք մեր առջեւ, քաղաքային իշխանութիւնն օր ու գիշեր աշխատելով կը հասնի իր նպատակին», շեշտած է քաղաքապետը:
Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանին մէջ մշակոյթի զարգացման ու տարածման աշխատանքներուն մէջ իրենց ունեցած աւանդին համար ճշդուած անձեր պարգեւատրուած են Երեւանի քաղաքապետի պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագիրներով:
Հիմնանորոգուած մշակոյթի տունը առիթ պիտի տայ կրկնապատկելու, նոյնիսկ եռապատկելու դասերու հետեւող աշակերտներուն թիւը: