ԵՐԵՒԱՆ.- 15 Օգոստոսին՝ ժամը 21.49ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) արձանագրուած է 5.2 մեկնիթիւտով երկրաշարժ, որուն կեդրոնը կը գտնուի Իրանի տարածքին մէջ՝ Ահար քաղաքէն 21 քմ. դէպի արեւմուտք:
Երկրաշարժի շարժման կեդրոնը կը գտնուի 10 քմ. խորութեան վրայ:
Երկրաշարժի ուժգնութիւնը բուն գօտիին վրայ կազմած է 6-7 բալ:
Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Ագարակ, Մեղրի, Քաջարան, Կապան, Գորիս քաղաքներուն մէջ՝ 3-4 բալ ուժգնութեամբ: