ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան որոշումով «Պարադիզ» ընկերութիւնը, շարժապատկերի զարգացման «Ոսկէ ծիրան» կազմակերպութիւնը, «Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական ինստիտուտ»ը, «Հայաստանի կինեմատոգրաֆիստների միաւորում»ը, «Հայաստանի ազգային կինոկենտրոն»ը, «Հայաստանի ազգային կինոակադեմիա»ն, Ուքրանիոյ քաղաքացի Ռոման Բալայեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ի դէմս Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, կը հիմնադրեն «Հայ արթ սինեմա» հիմնադրամը: Անոր նպատակը պիտի ըլլայ հայկական շարժապատկերի զարգացումը խթանել, կրթական համակարգին մէջ այս նիւթն ու բեմադրութիւնը աւելի մասնագիտական մակարդակներու հասցնել եւ քաջալերել այս մասնագիտութիւնը։
Հիմնադիրներուն առաջարկուած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակել Յովհաննէս Աւագեանը: