Bloomberg գործակալութիւնը կազմած է 145 երկիրներու քաղաքացիներու առողջական վիճակին վերաբերեալ վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ Հայաստան 79րդն է:
Ցանկը կազմելու ժամանակ հաշուի առնուած են կեանքի տեւողութեան եւ մանկական մահացութեան ցուցանիշները, մահացութեան պատճառները, տարիքային երեք խումբերու մահացութեան եւ 65ը լրանալէ ետք տղամարդոց ու կանանց մահացութեան ցուցանիշները:
Եւ այսպէս, Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ առաջնակարգ է Վրաստանը, որ կը զբաղեցնէ 71րդ հորիզոնականը, Հայաստանը Լաթուիայի հետ կը կիսէ 79րդ տեղը, իսկ Ատրպէյճանը տարածաշրջանի ամենաանառողջ երկիրն է՝ 87րդ հորիզոնականով:
Ըստ գործակալութեան՝ աշխարհի ամենաառողջ երկիրը Սինկափուրն է, որուն կը յաջորդեն Իտալիան, Աւստրալիան, Զուիցերիան, Ճափոնը, Իսրայէլը, Սպանիան, Հոլանտան, Շուէտը եւ Գերմանիան:
Նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ Լիթվիան 81րդն է, Տաճիկիստանը՝ 84րդը, Իւզպեքիստանը՝ 85րդը, Պելառուսը՝ 91րդը, Ռուսիան՝ 97րդը, Ուքրանիան՝ 99րդը:
Ամէնէն վատը Մոզամպիքի, Չատի, Քոնկոյի Հանրապետութեան, Լեսոթոյի ու Սվազիլենտի քաղաքացիներու առողջական վիճակն է:
Վարկանիշը նուազեցնող վտանգաւոր գործօններու շարքին հաշուի առնուած են մեծահասակ ծխողներու, ալքոհոլ օգտագործողներու թիւը, ճարպակալման վերաբերեալ տուեալները, ֆիզիքական ցած աշխոյժութիւնը, ինչպէս նաեւ արեան ճնշման եւ արեան մէջ շաքարի ցուցանիշերը, տուեալ երկրի բնապահպանական վիճակը, մանկական հիւանդութիւնները եւ այլն: