ԵՐԵՒԱՆ.- 15 Օգոստոսին բնապահպանութեան նախարարութեան մէջ նախարարի առաջին տեղակալ Ս. Պապեանի մօտ տեղի ունեցաւ քննարկում՝ նուիրուած Սեւանայ լիճին մէջ իշխան ձուկի բազմացման նաւապետական ծրագիրին: Քննարկումին կը մասնակցէին Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան կենսապաշարներու կառավարման գործակալութեան, «Էքոմոնիթորինկ» կազմակերպութեան, «Սեւան» ազգային պարկի համապատասխան մասնագէտներ, ԳԱԱ կենդանաբանութեան եւ գիտական կեդրոնի ձկնաբանութեան հիմնարկի, «Էմի ֆրու»չ ընկերութեան ներկայացուցիչներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին «Էմի ֆրու»չ ընկերութեան տնօրէնը ներկայացուց կատարուած եւ նախատեսուող աշխատանքները, յատուկ կերպով շեշտեց ծրագրուած կերպով օգտագործուելիք կերի որակին եւ բաղադրութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին մնայուն կերպով դիտարկում եւ հետեւողական աշխատանք տանելու կարեւորութեան անդրադարձաւ։ Ան տեղեկացուց, որ կը համագործակցին դանիական «Էնսի քոնսալթինկ» ընկերութեան հետ, եւ այս ծիրին մէջ տրամադրուած խորհրդատուութեան հիման վրայ իբրեւ ձկան կերի մատակարար ընտրուած է դանիական «Պիոմար» ընկերութիւնը, որ ձուկի կեր մատակարարող նշանաւոր ընկերութիւն է։ Անկէ կեր կը գնեն աշխարհի 60 երկիրներ։
Սեւանայ լճի ձկնատեսակներու վերականգնման ծրագիրին ծիրին մէջ նախատեսուած է օգտագործել բարձրորակ բաղադրութիւններէկազմուած կեր, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ձուկերուն սնունդի լաւապէս տեսակները հայթայթել՝ նաեւ նուազագոյնի հասցնելով շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը: Այս կերի գործածութեամբ նաեւ կարելի կ՛ըլլայ ջուրի ապականումի տարողութիւնը նուազեցնել։
Նշուեցաւ, որ «Էմի ֆրութ» ընկերութիւնը պատրաստ է ձկան կերէն տրամադրելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կը փափաքին կերի որակի եւ բաղադրութեան տարրալուծարանային հետազօտութիւն կատարել:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը նշեց, որ այս ծրագիրը փորձառական է եւ կը նպատակադրէ Սեւանայ լիճին ձուկերու հարուստ տեսակներու վերարտադրութիւնը ապահովել։ Մնայուն կերպով գործադրուող հսկողութեան աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արժեւորում կատարել եւ ճշդել ծրագիրին դրական ու ժխտական ազդեցութիւնները Սեւանայ լիճի կենսոլորտային համակարգի վրայ։ Այս բոլորէն ետք վերջնական որոշում պիտի տրուի եւ Սեւանայ լիճին վերաբերող օրէնքին մէջ համապատասխան փոփոխութիւն կատարել պիտի առաջարկուի։