ՊՈԼԻՍ.- Գանատահայ երաժիշտ Րաֆֆի Պետրոսեան յառաջիկայ 10 Սեպտեմբերին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ համերգ մը պիտի տայ եւ անկէ գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն։
«Րաֆֆի Պետրոսեան, որ ծնունդով պոլսահայ է, ներկայիս Գանատա կը բնակի՝ իր կեանքը շարունակելով որպէս դաշնակահար եւ ճարտարագէտ։ Ան բազմաթիւ համերգներ սարքած է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Իր «Սի.Տի.»ներէն գոյացած հասոյթները տրամադրուած են Հայաստանի մէջ ջուրի, ճամբաներու եւ դպրոցներու շինութեան ծրագիրներու։ Նոյն ժամանակ, ան որպէս ճարտարագէտ ալ մասնակցած է յիշեալ ծրագիրներուն։
Վերջերս իր ստորագրութեամբ յօդուածներ հրապարակուեցան 1915էն ետք քանդուած հայկական եկեղեցիներու եւ վարժարաններու, նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրի մասին։ Ներկայիս ան աշխատանքներ կը տանի՝ եկեղեցւոյ նորոգութեան համար նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու ուղղութեամբ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։