
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, Օգոստոս 11ին, հիւսիսային Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասներ չեն կրած Ատրպատականի Հայոց թեմի պատմական զոյգ վանքերը՝ Ս. Թադէն եւ Ս. Ստեփանոսը: Այս մասին յատուկ քննութիւն կատարեց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանը՝ կապ հաստատելով զոյգ վանքերուն մէջ բնակող հնագիտական հիմնարկի պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ կապի պատասխանատու Շերլի Աւետեանի հետ:
Քննութեանց արդիւնքները ցոյց տուին, թէ զոյգ վանքերու պատերուն վրայ չափագրուած նախկին ճաքաչափերը մնացած էին նոյն հեռաւորութեան վրայ՝ երբե՛ք չազդուելով նոյն շրջանին մէջ պատահած երկրաշարժէն:
Յայտնենք, որ Ատրպատականի Հայոց թեմը զոյգ վանքերուն մէջ ձեռնարկած է սենեակներու վերադասաւորման աշխատանքին՝ յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծելու համար տարեկան ուխտագնացութեանց ընթացքին:
