
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 9ին վայրէջք կատարեց Դամասկոս-Երեւան չուերթը, որ Դամասկոսէն Երեւան հասցուց 120 սուրիահայ երեխաներ. զանոնք դիմաւորելու եկած էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Տարածքային կառավարման փոխնարար Վաչէ Տէրտէրէանը, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը եւ սուրիահայ երեխաներուն հարազատները:
Հանքաւանի մէջ գտնուող «Լուսաբաց» ճամբարի տնօրէնը եւ այդ ճամբարի երեխաներէն ոմանք նաեւ եկած էին սուրիահայ երեխաները դիմաւորելու:
Արդարեւ, Հինգշաբթի օր Երեւան տեղափոխուեցաւ սուրիահայ երեխաներու առաջին խումբը՝ Հայաստանի մէջ ամառնային հանգիստ անցընելու համար: Ինչպէս կառավարութեան վերջին նիստին նշած էր վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութիւնը մտադիր է եւս երկու օդանաւ ուղարկել Սուրիա՝ այս անգամ Հալէպէն շուրջ 300 երեխայ եւս Հայաստան տեղափոխելու համար: «Լուսաբաց» ճամբարի տնօրէնը եւ քանի մը ճամբարականներ, Հայաստան ժամանած սուրահայ երեխաներուն հրամցուցին քաղցրեղէն եւ հիւթեր: Սուրահայերու խումբէն աղջնակ մը «Թերթ»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ Դամասկոսի մէջ իրավիճակը այդքան ալ վտանգաւոր չէ ներկայիս. «Հիմա հանդարտեցաւ, Սուրիոյ մէջ այդքա՛ն ալ չէինք վախնար, ձայները շատ-շատ էին, բայց պայթումները մեր քովը այդքա՛ն ալ շատ չէին: Սուրիան մեր երկիրն է: Եկած եմ Հայաստան՝ հայրենիքս տեսնելու ու աւելի ապահով ըլլալու համար», ըսաւ սուրիահայ աղջիկը: Վեց հանրակառքերով երեխաները տեղափոխուեցան Հանքաւան, ճամբար: