
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է «Կոռուփցիոն դրսեւորումների եւ փաստերի վերաբերեալ հակակոռուփցիոն ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու մասին» Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ ժամանակաւոր յանձնաժողովին նպատակը պիտի ըլլայ փտածութեան վերաբերող փաստերու յայտնաբերումը եւ համապատասխան զեկոյցով հանդէս գալը:
«Մեր գնահատմամբ, կոռուփցիան իսկապէս այսօր հարցերի հարցն է մեր պետութեան մէջ, եւ բոլոր այն հակակոռուփցիոն յանձնաժողովները՝ նախագահին, վարչապետին կից եւ այլն, ըստ էութեան, որեւէ արդիւնք չեն տուել», դիտել տուած է Յակոբեան։ «Եւ մենք վստահ ենք, որ եթէ իսկապէս Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութիւն ունենայ քաղաքական կամք եւ համաձայնուի, որպէսզի ձեւաւորուի այս յանձնաժողովը, որտեղ պէտք է լինեն հիմնականում ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, այն բաւականին կը նպաստի պետութեան մէջ տնտեսական, ֆինանսական եւ նաեւ քաղաքական գործընթացների առողջացմանը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ժամանակաւոր յանձնաժողովը, եթէ ձեւաւորուի, արդեօք պիտի կարենա՞յ արդիւնաւէտ կերպով աշխատել, Յակոբեան ըսած է. «Ես կարծում եմ, այս յանձնաժողովը կը կարողանայ ինչ-որ տեղ ծառայել իր նպատակին, որովհետեւ սպասարկող յանձնաժողով չի լինի: Բոլոր յանձնաժողովները իրենց կառուցուածքով միեւնոյն է եղել են համակարգի եւ իշխանութեան սպասարկող յանձնաժողովներ: Այս յանձնաժողովը իր կառուցուածքով եւ բովանդակութեամբ, ընդհակառակը, սպասարկող յանձնաժողով չի լինում, որովհետեւ հիմնականում ձեւաւորուած կը լինի խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներից»:
Անոր համաձայն, փտածութեան դէմ իշխանութիւններու պայքարը «իմիտացիա» է:
Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը համաձայն չէ այս տեսակէտին, բայց եւ այնպէս կը կարծէ, որ ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու գաղափարը լաւ է:
«Բայց վերջնական գնահատականը կը տրուի, երբ ծրագրաւորուած ինչ-որ բան լինի… սովորաբար նման դէպքերում աւելի շատ ուղղուածութիւնը գնում է այլ լիազօր մարմինների ֆունկցիաները վերցնելու, այլ բան է, եթէ փորձելու են տեղեկատուութիւն ստանալ: Երբ նախագիծը կը լինի, կը քննարկենք, կը պատասխանենք», նշած է Սահակեան՝ աւելցնելով, թէ առաջին հերթին իշխանութիւնները իրե՛նք փորձեր կը կատարեն փտածութիւնը արմատախիլ ընելու։
Հայաստանի մէջ գործող «Շահերի պաշտպանութեան եւ աջակցութեան հակակոռուփցիոն կեդրոն»ը (ՇՊԱԿ) նախորդ մէկ տարուան ընթացքին դիմած է մօտ 1600 քաղաքացիի: Անոնց աւելի քան 170ը փտածութեան վերաբերող հարցերու դէմ յանդիման գտնուած են։ Կեդրոնի ղեկավար Մարատ Ատովմեան նշած է, որ քաղաքացիները փտածութեան առնչուող խնդիրներ ունեցած են Երեւանի քաղաքապետարանին, գոյքացուցակի ու ընկերային ապահովութեան մարմիններուն եւ ոստիկանութեան կեդրոններուն մէջ:
Պարբերաբար պետական տարբեր մարմիններուն մէջ փտածութեան պարագաներու բացայայտման եւ կատարուած ձերբակալութիւններուն մասին խօսելով՝ Ատովմեան դիտել տուած է, որ չի կարծեր, թէ այդ մէկը կը կատարուի քաղաքացիներուն «ինչ-որ բան ցոյց տալու համար»:
«Դա որոշակիօրէն ընդգծում է նաեւ կամքի առկայութիւն, բայց այլ բան է, որ թեմփերը կարող էին լինել աւելի արագ, եւ այդ ամէնը կարող էր արուել աւելի արդիւնաւէտ», ըսած է ան: