ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հինգշաբթի, 26 Յուլիսին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պետ նշանակուած է գնդապետ Սամուէլ Ղուկասեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքէն:
Յիշեցնենք, որ անոր նախորդ պաշտօնակիցը՝ Արմէն Սահակեան, այդ պաշտօնէն դուրս եկած էր այս տարուան Մարտ 31ին:
Տարածուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ պատճառը Ռազմական ոստիկանութեան Երեւանի կայազօրի շէնքին մէջ զինուորը ծեծելու հետ կապուած միջադէպն էր: