
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է «Լոյս» հիմնադրամէն կրթաթոշակ ստացողներուն հետ:
Այս հիմնադրամին նպատակն է Հայաստանի լաւ ուսանողներուն առիթ տալ աշխարհի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու, համաշխարհային գիտութեան նուաճումներն ու ձեռքբերումները անոնց համար մատչելի դարձնել, նաեւ անոնց արձանագրած յաջողութիւնները ծառայեցնել մեր ժողովուրդին։ «Հայկական պետականութեան ստեղծումից ի վեր մենք մշտապէս բազմաթիւ երիտասարդներ ենք ուղարկել աշխարհի կրթական կենտրոններում սովորելու, եւ հազարամեակներ տեւած այդ գործընթացը շատ լուրջ խթան է հանդիսացել մեր մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան, ընդհանրապէս քաղաքակրթութեան զարգացման գործում», դիտել տուաւ նախագահը։
Սկզբնական շրջանին «Լոյս» հիմնադրամի նիւթական յատկացումով ուսանողներուն թիւը քիչ էր, սակայն հետզհետէ աւելցաւ, իսկ այս տարի 126 երիտասարդ ընդունուած է աշխարհի լաւագոյն 10 համալսարաններուն կողմէ, 74 ուրիշներ արդէն նախորդ տարուընէ կը շարունակեն իրենց ուսումը։ «Ես ուզում եմ, որպէսզի դուք վստահ լինէք ու վստահեցնէք բոլոր այն երիտասարդներին, ովքեր ցանկութիւն, հնարաւորութիւն ունեն աշխարհի լաւագոյն գիտական, կրթական կենտրոններում գիտելիք ստանալու՝ մենք ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրն ընդլայնենք: Մենք նաեւ սրանում ենք տեսնում Հայաստանի ապագան», յայտնած է նախագահը՝ աւելցնելով, որ «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագիրը նաեւ կը շարունակէ հետեւիլ իր շրջանաւարտներուն ապագային։
Հանդիպումին ընթացքին հիմնադրամէն կրթաթոշակ ստացողները ներկայացուցած են «Լոյս»ի «Զարգացնենք Հայաստանը» ծրագիրի ծիրին մէջ իրենց կողմէ իրականացուող աշխատանքները, քննարկած են այլ ծրագիրերու ու նախաձեռնութիւններու մշակման կարելիութիւնները։
Հանդիպման աւարտին Հանրապետութեան նախագահը նոր ընդունուած ուսանողներուն յանձնած է «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակին արժանանալու հաստատագիրները: