
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի կողմէ հիմնադրուած «Թիէրաս տէ Արմէնիա» ընկերութեան խաղողները յետ այսու կրնան օգտագործուիլ հայկական քոնեաքի արտադրութեան նպատակով: Հայաստանի կառավարութիւնը 26 Յուլիսին փոփոխութիւն կատարեց իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ, որով կը սահմանափակուի հայկական քոնեաքի արտադրութեան համար թոյլատրելի խաղողի տեսակներու ցանկը:
Այդ ցանկին վրայ աւելցան «Ալիգօտէ», «Շենին», «Կոլոմբարդ Բ», «Ֆոլ Բլանշ Բ.» եւ «Ուգնի Բլանք Բ» տեսակները:
Նշենք, որ «Թիերաս տէ Արմէնիա» ընկերութիւնը իր գործունէութիւնը սկսած է 2004ի Նոյեմբերին, գնած է շուրջ 2300 հեքթար անմշակ հողատարածք եւ ընկերութեան զարգացման 15 տարիներու ծրագիրով կը նախատեսուի վերոյիշեալ հողատարածքին առնուազն 80 տոկոսը օգտագործել մշակման համար: Ծրագիրի ծիրին մէջ տնկուած է շուրջ 300 հեքթար խաղողի այգի: