
ԱՆԳԱՐԱ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին, մինչ սուրիական ուժերը կը շարունակէին Հալէպի որոշ շրջաններէն ներս թափանցած ընդդիմադիր զինեալներու դէմ պայքարը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ լուսարձակի տակ առաւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական նոր պետութիւն մը ստեղծումին նկատմամբ Անգարայի մտավախութիւնները, պնդելով, թէ Անգարա «Սուրիոյ մէջ քրտական պետութեան ձեւաւորում պիտի չարտօնէ»:
Էրտողան նոյնիսկ սպառնաց քիւրտ ըմբոստները հալածել՝ Սուրիոյ մէջ, միաժամանակ պնդելով, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ իր շրջանակը «հեռանալու վրայ են եւ այժմ նոր ժամանակաշրջանի պատրաստութիւն կը տեսնուի»:
Անգարա մտահոգ է Սուրիոյ Քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան ու Թուրքիոյ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իրաքի քրտական ղեկավարութեան միջեւ գործակցութեան սերտացումի հաւանականութեամբ, որ կրնայ «Արեւմտեան Քիւրտիստան»ի մը հիմնումին առաջնորդել: Չորեքշաբթի երեկոյեան, Էրտողան «Քանալ 24» կայանէն խօսեցաւ այս նոր վտանգին մասին եւ ըսաւ, որ Թուրքիա չի կրնար ընդունիլ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած նոր զարգացումները, որոնք՝ Թուրքիոյ տեսակէտով, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ կը կազմակերպուին: Էրտողան պնդեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժեր եւս կողմնակից չեն, որ նման Քիւրտիստան մը հիմնուի, որովհետեւ ասիկա Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը խախտէ։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տավութօղլու հիւսիսային Իրաք պիտի այցելէ եւ քիւրտ ղեկավարներուն պիտի բացատրէ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։
Նաեւ, Էրտողանի նախագահութեամբ՝ Չորեքշաբթի օր ժողով գումարեց երկիրին Ապահովութեան խորհուրդը, օրակարգին վրայ ունենալով Սուրիոյ հարցը։ 1999էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նշուած է, թէ Սուրիոյ նախագահը քրտական հարցը իբրեւ խաղաքարտ սկսած է գործածելու Թուրիոյ դէմ, «կրկնելով իր հօր սխալը»:
Միւս կողմէ, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սելահատտին Տեմիրթաշ ըսաւ, թէ Թուրքիա փոխանակ անհանգստանալու սուրիացի քիւրտերուն յառաջխաղացքէն, պէտք է անոնց կողքին կանգնի, որովհետեւ այդ կերպով Թուրքիոյ դիրքը աւելի կը զօրանայ։ «Թուրքիա պէտք չէ կրկնէ այն սխալը զոր գործեց Իրաքի մէջ», աւելցուց ան, պնդելով, որ Թուրքիա եթէ գործակցի սուրիացի քիւրտերուն հետ, պիտի դիւրացնէ Ասատը հեռացնելու գործընթացը։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, ակնարկելով Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ արձանագրուած իրադարձութեան ըսած է. «Մեզի հասած տեղեկութիւններուն համնաձայն, սահմանային անցակէտերը անցած են սուրիացի ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ: Ընդդիմադիր ըսուածը լայն իմաստ ունի: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, այդ խումբերը «Քայտա»ի հետեւորդներ են»:
Ըստ ռուսական մամուլին, անհերքելի փաստ մըն է, որ «Քայիտա»ի զինեալներ կան սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ, աւելցնելով, թէ անոնց թիւը կրնայ վեց հազարի հասնիլ:
Նաեւ, Լիբանանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Հինգշաբթի օր ազդարարեց, թէ Սուրիոյ վարչակարգին տապալումը կը նշանակէ ժողովրդավարութեան տապալումը, որուն առաջին զոհերը պիտի ըլլան քրիստոնեաները:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ասատ «ցուցմունքներ ստանալու համար Մոսկուայէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան սպասող ռուսական խամաճիկ մը չէ»: Ան շեշտեց, որ Ասատ մաս կը կազմէ սուրիական իշխանութեան համակարգին, որ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համապատասխանելու համար կը կարօտի բարեփոխման, սակայն այնպիսի ձեւով մը, որ իր ներկայացուցած հատուածին չվնասէ: Ան նաեւ յայտնեց, որ «եթէ Սուրիոյ նախագահը այսօր որոշէ իշխանութենէն հրաժարիլ, ամէնէն հաւանականը այն է, որ զինք փոխարինէ իր շրջապատէն եղող աւելի խիստ մէկը»:
Նաեւ, ռուսական եւ ամերիկեան բարձրաստիճան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ սուրիական իշխանութիւնները երկրին մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներու ապահովական միջոցառումները ամրապնդած են: