Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 14 Յուլիսի յետմիջօրէին ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աղուան Վարդանեանի այցելութիւնը։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ։ Հայրենի հիւրին կ՛ընկերանար ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան։ Առաջնորդ սրբազանի կողքին, հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամներէն դոկտ. Տիգրան Պապիկեան։ Աղուան Վարդանեան անցեալին այցելութիւն տուած է Ազգային առաջնորդարան եւ անձամբ ծանօթ է առաջնորդ սրբազանին:
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի այժմու իրադարձութիւններն ու ընկերային հասարակական կեանքը, որոնց մասին հիւր պատգամաւորը տուաւ որոշ լուսաբանութիւններ։ Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր թեմի աշխատանքներուն, ծառայական կեանքին ու ծրագիրներուն մասին՝ վերահաստատելով մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը՝ մայր հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Այս առիթով, առաջնորդը նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» հատորէն, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութեան նուիրուած «Հոգեւոր Պրիսմակ»ի բացառիկ թիւէն օրինակներ յանձնեց Ա. Վարդանեանին։