
«(…) Իւրաքանչիւր բջիջակորիզ կը պարունակէ 46 երփնամարմիններ (chromosome): (…) Այս պատճառով, անոնք կը կոչուին նոյնանման-համակազմ զոյգեր…»: Եւ այսպէս՝ ամբողջ էջ մը, մաքրամաքուր հայերէնով, ստոյգ գիտական բայց պարզ ու մատչելի հաղորդագրութիւն՝ հո՛ս, մեր օրաթերթին մէջ, ծինաբանութեան եւ ժառանգականութեան շուրջ:
Եւ ասիկա տարիներ կը տեւէ, գրեթէ ամէն Շաբաթ օրուան «Ասպարէզ»ին մէջ. բժշկագիտական հակիրճ շաբաթօրեայ դասընթացք: Հեղինակ՝ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, օրինակելի ճշդապահութեամբ:
Զոյգ շնորհակալութիւն յարգելի բժիշկին՝ իր համբերատար գիտական-մասնագիտական գրութիւններուն եւ մանաւանդ անոնց մաս-մաքուր հայերէնի նախանձախնդրութեան համար:
Զոյգ շնորհակալութիւններ Աբօ Պողիկեանին՝ իր գիտակից յարատեւութեան եւ անխափան ճշմարտասիրութեան համար, որոնց իբրեւ արդիւնք կը վայելենք ամէն Շաբաթ օր այս շքեղ եւ օգտակար գրութիւնները:
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ