Չինաստանի ռազմական ծախսերը վերջին տարուան ընթացքին 11.5 տոկոսով աճած են՝ հասնելով 104.62 միլիառ տոլարի. այս մասին նշուած է «ICD Research» ընկերութեան կողմէ կատարուած հետազօտութեան մէջ:
Յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին կը սպասուի չինական ռազմական պիւտճէի աւելացման չափերու պահպանում, իսկ 2017ին, կը սպասուի, որ անիկա հասնի 174.9 միլիառ տոլարի:
Ներկայիս Չինաստանի ռազմական ծախսերը ամենամեծն են Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ: Մօտակայ 5 տարիներու ընթացքին, Չինաստան նոր ռազմական սարքեր գնելու եւ իր ունեցածները արդիականացնելու համար մտադիր է ծախսել 722.4 միլիառ տոլար:
Ռազմական ծախսերու նման յաւելացման հիմնական պատճառը մէկ կողմէ ԱՄՆի եւ Չինաստանի, իսկ միւս կողմէ՝ Թայուանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բարդացումն է:
Մէկ այլ հետազօտական ընկերութիւն մը՝ «IHS Global Insight»ը, ընթացիկ տարուան Փետրուարին հրապարակած էր իր կանխատեսումը, որուն համաձայն՝ Չինաստանի ռազմական ծախսերը 2011-2015 թուականներուն պիտի կրկնապատկուին եւ գերազանցեն Ասիոյ ու Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու պաշտպանական ոլորտի ծախսերը՝ միասին գումարուած:
Նշեալ ընկերութեան կանխատեսումին համաձայն՝ 2015ի վերջաւորութեան Չինաստանի ռազմական ծախսերը պիտի հասնին 238.2 միլիառ տոլարի: