
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օգնելու ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանին՝ վերջինիս ծրագիրին իրականացման գծով: Այս մասին Փութին յայտարարած է Յուլիս 17ին, Անանի հետ հանդիպման ընթացքին:
«Արմէնփրէս», վկայակոչելով սուրիական «Սանա» գործակալութիւնը՝ կը յայտնէ, թէ Փութին վստահեցուցած է, թէ իր երկիրէն կախուած ամէն ինչ պիտի ընէ՝ աջակցելու համար Քոֆի Անանի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Սուրիոյ ճգնաժամը կարգաւորելու:
Աւելի առաջ, ռուսական կողմը յայտարարած էր, որ Անանի ծրագիրը միակն է, որ կրնայ լուծել սուրիական ներքին խնդիրները՝ Ասատի վարչակարգը չտապալելու տարբերակով: