ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուրբաթ, Յուլիս 6ին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ ատրպէյճանական սփիւռքի կազմակերպութիւնները հզօրացնելու ջանքերուն նուիրուած:
Ըստ հրամանագիրին՝ այս տարեշրջանին ընթացքին 3 միլիոն ատրպէյճանական մանաթ (3.82 միլիոն տոլար) պիտի տրամադրուի սփիւռքի հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբին: