ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Զոհրաբ Մնացականեան լրագրողներուն յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմպէյ յաջորդ շաբաթ Հայաստան պիտի այցելէ։
Մնացականեանի համաձայն, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը բաւական բարձր մակարդակի վրայ է, աշխոյժ է, եւ այս մասին երկու կողմերու ղեկավարութեան մակարդակով բազմիցս նշուած է:
Մնացականեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի եւ Եւրամիութեան աշխոյժ համագործակցութեան հանգրուանը պիտի շարունակուի մինչեւ ամառնային արձակուրդներ, ապա պիտի վերսկսի աշնան։