
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հարաւային Լիբանանի Սայտա քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ, Ուրբաթ, Յունիս 29ին, լիբանանեան բանակը սկսաւ դիրքեր գրաւելու, մէկ օր առաջ սալաֆական շէյխ Ահմետ Ասիրի սկսած նստացոյցին ստեղծած լարուածութիւնը զսպելու նպատակով: Ցուցարարները Ուրբաթ օր շարունակեցին փակ պահել Սայտա տանող գլխաւոր ճամբան՝ պնդելով, թէ իրենց կատարած բաց նստացոյցը որեւէ ապօրինի զէնքի դէմ լիբանանցիներու «ինթիֆատա»ն է: Սիւննի շէյխը բաց նստացոյցին սկսած էր իբրեւ հակադարձութիւն «Ճատիտ» պատկերասփիւռի կայանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումին: Ան կը պնդէ, թէ յարձակումը տեղի ունեցած էր, որովհետեւ ինք այդ կայանէն քննադատած էր «Հըզպալլա»ն ու պահանջած էր զայն զինաթափ ընել:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին շեշտեց, որ մօտէն կը հետեւի իրադարձութեանց՝ բախումներուն առաջքը առնելու նպատակով:

Իր կարգին, շէյխ Ասիր, որ անձամբ կը մասնակցի ցոյցին, դարձեալ պահանջեց, որ «Հըզպալլա»ն իր զէնքը կառավարութեան յանձնէ, ապա թէ ոչ՝ Սայտա տանող այլ ճամբաներ եւս պիտի փակուին: «Չեմ համոզուած, որ պէտք է նստացոյցին վերջ տամ, որովհետեւ ես իսկական սադրանքը կը տեսնեմ զէնքը պարտադրող իշխանութեան մէջ: Իսկ եթէ մեզի հետ հաւասարէ հաւասար պիտի չվարուին, ապա մենք պիտի դիմենք մագլցողական քայլերու», ըսաւ ան:
Շրջանի բնակչութիւնը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ այս վիճակին գծով, իսկ Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքի քննարկումը պէտք է սահմանափակել Ազգային երկխօսութեան նիստի շրջագիծին մէջ եւ կանխարգիլել ապահովական խախտումներու դուռ բացող որեւէ քայլ:
Իր կարգին, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ բաւարար չէ բարձրաձայն յայտարարել Ազգային միասնականութեան պահպանումի անհրաժեշտութիւնը, այլ պէտք է աշխատիլ եւ ջանք թափել պահպանելու համար այդ միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ՝ Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց երկիրի Տնտեսական խորհուրդներուն ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Ատնան Քասսարի: Միքաթի յայտնեց, որ երկիրի տնտեսական կացութիւնը լաւ է՝ աւելցնելով, որ պէտք չէ արտօնել ապահովական կացութեան խախտումը:
Նաեւ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ՝ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, Յունիս 28ին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի դրամատնային համակարգի իրավիճակին շուրջ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատնային համակարգը կայուն ու առողջ վիճակի մէջ է՝ շնորհիւ Կեդրոնական դրամատան որդեգրած խոհեմ ու հեռատես աշխատելաոճին: Պատասխանելով շրջանային իրադարձութեանց Լիբանանի վրայ ունենալիք հակազդեցութեանց մասին հարցումի մը՝ Սամուէլեան վստահեցուց, թէ Լիբանան զերծ է շրջանային իրադարձութեանց ժխտական հակազդեցութիւններէն, շնորհիւ որդեգրուած դրամատնային աչալուրջ քաղաքականութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ Միջազգային դրամական հիմնադրամը շնորհաւորական հեռագիր յղած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան որդեգրած կեցուածքին համար: