
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Արդէն լուծուած է Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանի հարցը, որ Փետրուարին Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղաւ գնել վրացի սեփականատիրոջմէն եւ յանձնել Գրողներու համահայկական հիմնադրամին:
Կառավարութեան յանձնարարութեամբ այդ հարցով կը զբաղէր Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, որ 27 Յունիսին լրագրողներուն ներկայութեան մեծ բանաստեղծին թիֆլիսեան բնակարանի բանալին յանձնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանին:
«Բոլոր դժուար բանակցութիւնների ընթացքում մեզ սատարել են թէ՛ Վիրահայոց թեմը՝ յանձին Սրբազանի, թէ՛ մեր դեսպանատունը Թիֆլիսում՝ յանձին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մանուկեանի, եւ ես այսօր հրապարակաւ ուզում եմ Թումանեանի տան բանալիները յանձնել հասցէատիրոջը», ըսաւ Անանաեան՝ առաջնորդ Միրզախանեանին յանձնելով բանալիները:
«Սա մեզ համար ե՛ւ պատիւ է, ե՛ւ պատասխանատուութիւն: Արդէն իսկ ծրագրել ենք մի քանի աշխատանքներ իրականացնել», յայտարարեց Վազգէն եպս. Միրզախանեան:
Բնակարանը պիտի վերանորոգուի՝ կրկին Վարդան Ղուկասեանի նիւթական յատկացումով։ Սակայն նաեւ պիտի գնուի բնակարանի այն հատուածը, ուր այժմ կը բնակի մեծ բանաստեղծին ծոռը՝ Ալիօնա Քոլեսնիկովան, որպէսզի ան նոր բնակարան գնէ եւ հոն տեղափոխուի։
Միրզախանեանը նշեց, որ այժմ այդ հարցով բանակցութիւններ կը կատարուին բարերարներուն հետ։
Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանը պիտի ըլլայ անոր անունը կրող մշակութային օճախ մը, ուր պիտի հաստատուին Վրաստանի Հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը, Հայ մտաւորականների միութիւնը, Հայ նկարիչներու միութիւնը եւ 1 Յուլիսին հիմնադրուելիք Հայ երաժիշտներու միութիւնը:
«Արուեստի միութիւնները կը գործեն հէնց Յովհաննէս Թումանեանի տանը, քանի որ մինչեւ օրս չունեն իրենց գրասենեակները», աւելցուց Վազգէն Սրբազանը:
Թումանեանի բնակարանի ձեռք բերումը կարելի դարձաւ նախորդ տարի՝ Վրաստանի մէջ կատարուած օրէնսդրական փոփոխութեան շնորհիւ, որով կրօնական համայնքներուն թոյլատրուեցաւ դառնալ հանրային կալուածի իրաւատէր։
Վիրահայոց թեմի առաջնորդը փոխանցեց, որ ներկայ դրութեամբ Վրաստանի մէջ կը գործեն 41 հայկական եկեղեցիներ: Կան նաեւ շուրջ 300 չգործող եկեղեցիներ. «Դիմելու ենք կառավարութեանը, որ այդ եկեղեցիները՝ գործող, չգործող, վրացականացուած, այս ամբողջը մենք պահանջելու ենք Վրաստանի իշխանութիւններից վերադարձնել Վիրահայոց թեմին»: