ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անձնասիրութեան չափերուն ու տեսակներուն մասին ամէն մարդ պատկերացում կրնայ ունենալ, սակայն ատոր ուղղակի հանդիպողը տարբե՛ր ցնցում կ՛ապրի, մանաւանդ երբ անոր միախառնուած ըլլան անտարբերութիւնն ու

փառասիրութիւնը:
Շատ են կեանքի մէջ պատահարներ, որոնց ընթացքին տուժողները, միշտ ամէնէն ծանր բեռը կը կրեն, իսկ դէպքը հեռուէն դիտողներուն համար, այնքան ալ ցաւալի չի՛ թուիր պատահածը:
Մէկուն ինքնաշարժը բռնկեցաւ: Անոր, որուն կը պատկանէր ինքնաշարժը, շփոթած՝ չէր գիտեր ի՛նչ միջոցի դիմել, կրակը մարելու համար: Հրշէջի յատուկ սարքեր չունենալով ինքնաշարժին մէջ, բաճկոնը հանած կը փորձէր պայքարիլ կրակի բոցերուն դէմ, իր ապրուստի ճամբան եղող հանրային թուահամարով ինքնաշարժը փրկելու համար կորուստէ: Ոմանք կը փորձէին օգտակար հանդիսանալ տուժողին, դոյլերով ջուր թափելով հետզհետէ բռնկող ու փճացող ինքնաշարժին վրայ: Միւս կողմէ, հանդիպակաց մայթին վրայ գտնուողներ, մէկ շարքի վրայ կանգնած, բջիջային հեռաձայններով դէպքէն շարժանկար կ՛արձանագրէին, արձաններու նման անշարժ կեցած իրենց տեղը: Անոնք ո՛չ հեռատեսիլի թղթակիցներ էին, ո՛չ ալ մամուլի հետ որեւէ առնչութիւն ունէին, այլ պարզ անցորդներ էին: Բայց այդ պահուն, «հաճոյք»ը կ՛ապրէին ինքնաշարժի այրումին, որ ուրիշին համար՝ տարիներու քրտնաթոր աշխատանքի արդիւնք էր: Այս ինքնակոչ նկարիչներուն համար այդ ինքնաշարժի սեփականատիրոջ զգացած վախը, ապրած տագնապը, թափած ջանքը, նոյնիսկ ապրած անյուսութիւնը, իրենց անպաշտօն ու անվերնագիր ժապաւէնին համար սքանչելի նիւթեր էին, որոնք քիչ ետք հաճոյքով պիտի դիտէին, կամ նոյն հաճոյքով ալ պիտի ցոյց տային ուրիշներուն:
Ուրիշին ցաւին նկատմամբ այս անտարբերութիւնը, բնական ընթացքով մարդը կ՛առաջնորդէ անձնասիրութեան, որուն հետեւանքը բարի չի՛ կրնար ըլլալ բնա՛ւ, երբե՛ք: Անձնասիրութիւնը մինչեւ որոշ աստիճան, նոյնիսկ գնահատելի երեւոյթ է, եւ մեր անձին նկատմամբ հոգածութիւն, բծա-խնդրութիւն կը նկատուի: Իր անձը լքող, իր արտաքին մաքրութեամբ չհետաքրքրուող ու թափ-թփած մարդը, անպայման անձնուրաց մարդ չէ՛: Կրնայ կեղտոտ ու ոջլոտ մէկը ըլլալ: Մաքրութիւնը Աստուածային բնութեան ամէնէն մօտիկ ստորոգելին է: Մաքրութիւն բառին անմիջապէս կցուած է սրբութիւն բառը: Արդէն մեր գրաբար ոսկեղնիկին մէջ «սրբութիւն» բառը հոմանիշ է աշխարհաբարի «մաքրութիւն» բառին: «Աստուած սուրբ է» երբ կ՛ըսենք, կը նշանակէ թէ Աստուած անեղծանելի մաքրութեամբ ամբիծ Էակն է:
Մարդկային կեանքի մէջ ալ նոյնն է: «Այս մարդը մաքուր անձ է» երբ ըսենք, այնքան ալ անոր արտաքին մաքրութեան կամ լուացուած ու լոգանք առած ըլլալուն չենք ակնարկեր անպայման, այլ՝ մանաւանդ անոր հոգեկան, այսինքն ներքին մաքրութեան ու սրբակենցաղ նկարագիրին մասին վկայութիւն տուած կ՛ըլլանք:
Ուրիշին ցաւին իսկապէս ցաւակից մարդու շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ: Միշտ «մորթի վրայ զգալ»ու դժուարութիւնը ունի մարդ, երբ ցաւը իրեն, կամ իր շրջապատին չի՛ վերաբերիր:
Կը պատմուի թէ քաղաքին շուկան հրդեհ կ՛իյնայ: Բոլորը կը վազեն այդ ուղղութեամբ, մանաւանդ անոնք որոնք խանութ ունէին հանրայայտ այդ շուկային մէջ: Մէկը իր ամուսինը տեսնելու կը փութար, անոր ողջ ու առողջ ըլլալը ստուգելու, ուրիշը իր փակ խանութին դռներու դիմաց արգելքներ դնելու կ՛երթար, կրակին ներս մուտքը արգիլելու համար, մէկ ուրիշը իր խանութին վնասէ զերծ ըլլալը ստուգած, դրացիին խանութը փրկելու նպատակով դոյլերը ջուրով լեցուցած կը վազէր դէպի շուկայ: Մէկ խօսքով, ամբողջ քաղաքը տագնապ կ՛ապրէր, մէկ վայրկեանէն միւսը շուկային մոխրացումի ահազանգին դիմաց:
Նոյն քաղաքին մէջ, իր անձնասիրութեամբ հռչակ շահած մէկը, պատշգամին կանգնած, զարմանքով կը դիտէր դէպի շուկային կողմը վազողները: Հեռուէն կը նշմարէր նաեւ այն մուգ ծուխը, որ կը բարձրանար ու կ՛ամպանար գրեթէ ամբողջ քաղաքին վերեւ: Տեսնելով իր ծանօթներէն մէկը, որ այդ ուղղութեամբ կը վազէր առանց աջ ու ձախ նայելու, ձայն տուաւ անոր ըսելով՝ թէ ի՞նչ կայ այդտեղ: Դրացին, տագնապահար մարդու ամբողջ վրդովումով պատասխանեց, թէ շուկան հրդեհ ինկած է, եւ ամէն մարդ իր կարելիութեան սահմանին մէջ կը ջանայ օգտակար հանդիսանալ, որպէսզի կրակը չտարածուի, եւ կարելի եղածին չափ քիչ վնաս պատճառէ ժողովուրդին:
Իր տան պատշգամին վրայ կանգնած անձնասէրը, նոյնքան ալ անտարբերութեամբ իր ծանօթին կ՛ապսպրէ ըսելով.
_ Քանի որ շուկայի կողմը կ՛երթաս, ինծի թաշկինակ բեր վերադարձիդ:
Այո՛, կա՛ն նման սառնասրտութեամբ մարդիկ, որոնց համար ամբողջ աշխարհին կրակով վառուիլը նշանակութիւն չունի, եթէ անոր այրող բոցերը իրենց գլխու մազերուն չեն հասած տակաւին: Ուրիշին ամբողջ կեանքի վաստակին մոխրացումը, բնաւ խղճալու զգացումը չ՛արթնցներ անոնց հոգւոյն մէջ: Մարդիկ իրենց խանութը կը կորսնցնեն, քաղաքը իր ամբողջ շուկան ձեռքէ կու տայ, իսկ իրենք իրենց չնչին կարիքը՝ թաշկինակ, կը ջանան ճի՛շդ ժամուն ապահովել, այն ալ՝ ուրիշի՛ն ձեռքով, եւ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բռնկած շուկայի՛ն մէջէն…:
«Ինծի թաշկինակ բեր» ըսող անտարբերները անշուշտ կ՛ունենան պահեր, երբ կրակը իրենց գլխուն ալ կը հասնի: Տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ այդպիսիներ երբ տագնապի մատնուին, կ՛ուզեն որ ամբողջ աշխարհ իրենցմով զբաղի, իրենց շուրջը հաւաքուի, բաժնեցկի իրենց ցաւն ու վիշտը: Մէկ խօսքով, իրենց ըրածին ճիշդ հակառակը կ՛ակնկալեն ուրիշներէ:
Հոս տեղին է յիշեցնել անոնց, Աւետարանին ոսկեայ տողը, որ Յիսուսի մտածողութեան ուսումնասիրման համար բանալի դերակատարութիւն ունի. «Ինչ որ կ՛ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյն ըրէք դուք անոնց» (Հմմտ Մտ 7.12): Երբ դուն չե՛ս ըրած այն բարիքը ուրիշներուն, որ կրնար անոնց համար նուազագոյն ուրախութիւնը պատճառել, հիմա ինչո՞ւ կ՛ուզես որ մարդիկ իրենց գերագոյն ճիգը թափելով, իրենց կեանքը վտանգի մատնելու գնով, քո՛ւ կեանքդ փրկեն…:
Վերոյիշեալ անարդար իրենց վարուեցողութեան զոհը կը դառնան յաճախ անձնասէր մարդիկ, որոնց բարեկամները ցաւով կը ճօճեն իրենց գլուխը ու կ՛անցնին, երբ կը տեսնեն զիրենք տագնապի մէջ: Ոմանք ալ խղճալով, եւ բարոյական դաս տուած ըլլալու համար այդպիսիներուն, կ՛օգնեն անոնց:
Շուկային բռնկած ժամանակ «ինծի թաշկինակ բեր» ըսողին ձեռքը դոյլի ջուրը պէտք է տալ, եւ ստիպել որ օգտակար հանդիսանայ, փրկարար հաւաքական աշխատանքին, միշտ յիշեցնելով անոր, թէ կրնայ գալ այն օրը, երբ ի՛նք կարիքը կ՛ունենայ ուրիշներու օժանդակութեան: Այսինքն՝ երբ կրակը ո՛չ միայն իր տան, այլ՝ իր մարմինին հասած ըլլայ:
Մի՛շտ օգնէ, որպէսզի ճի՛շդ պահուն օգնութիւն ստանաս: